image

Սուրիա. Հասիչէի շուրջ առկայ պաշարումը պիտի վերցուի

Սուրիա. Հասիչէի   շուրջ  առկայ  պաշարումը պիտի վերցուի

Հասիչէի աղբիւրները «Մայատին»-ին յայտնած են, որ Սուրիոյ իշխանութիւններու եւ «Սուրիոյ դեմոկրատական ուժեր»ու («SDF») համաձայնագիրը ուժի մէջ մտած է:

Համաձայնագիրը կը նախատեսէ Հասիչէի եւ Քամիշլի քաղաքներու եւ անոր գիւղերու թաղամասերի շրջափակման վերացում` «Սուրիոյ դեմոկրատական ուժեր»ու (SDF) կողմէ անոնց պաշարումէն աւելի քան քսան օր անց, ճանապարհներու բացում դէպի Հասիչէի մէջ սուրիական բանակի ուժերող ենթարկուող թաղամասեր: Աղբիւրները կը նշեն, որ Հասիչէի այդ շրջանները վառելանիւթ եւ ալիւր պիտի փոխադրեն յառաջիկայ ժամերուն:   

Աղբիւրները կը նշեն, որ «համաձայնագիրը կնքուած է սուրիական եւ ռուսական համատեղ ջանքերով, ինչ որ դրական լուծումներ տուած է, եւ ամէն ինչ պիտի վերադառնայ իր բնականոն հունին, ինչպէս եղած է մինչեւ պաշարումը»:

Հասիչէի նահանգապետ Ղասսան Հալիմ Խալիլը հաստատած է, որ «յառաջիկայ ժամերուն ականատես պիտի ըլլան Հասիչէ եւ Քամիշլի քաղաքներու թաղամասերու պաշարումը վերացնելու միջոցներու ձեռնարկման, սննդամթերք, ալիւր եւ վառելանիւթ մատակարարելով անոնց, ճանապարհները բանալով` խաղաղ բնակիչներու անցումը հեշտացնելու համար:

«SDF»-ը շաբաթներ շարունակ պաշարած է Հասիչէ եւ Քամիշլի քաղաքները, ինչ որ արգիլած է կենցաղային կարիքնուրու մուտքը բնակիչներուն, դադրեցուած են պետական եւ մասնաւոր փուռերը, իսկ SDF-ի վերահսկողութեան տակ գտնուող տարածքները դէպի սուրիական պետութեան վերահսկողութեան տարածքներուն հետ կապող բոլոր ճանապարհներն ու ելքերը փակուած էին, բացառութեամբ Հասիչէի մէկ կէտի: