Երկուշաբթի, 2 Մայիսի առաւօտեան ժամը 11:30-ին, Թեմիս Կաթողիկոսական Փոխանորդ՝ Գերշ. Տ. Խորէն Արք. Տողրամաճեան, որպէս գլխաւոր բանախօս ներկայացուց «Ս. Խաչի յարգանքը Հայ եկեղեցւոյ եւ Կիպրոսի մէջ» նիւթը: Ան յաջորդաբար Աստուածուածաշունչէն, հայ եկեղեցւոյ հայրերէն, մատենագիրներէն, սուրբերէն, շարականներէն, աղօթքներէն, մանրանկարիչներէն, վկայաթուղթերէն, մտաւորականներէն, արուեստագէտներէն, արխիւներէն եւ աւանդութիւններուն ընդմէջէն վեր առաւ Ս. Խաչի նկատմամբ տածուած յարգանքը, խաչի անցեալի եւ ներկայի ըմբռնումն ու իմաստը եւ ապա, անդրադարձաւ հայոց խաչքարերուն եւ յատկապէս արեւմտեան Հայաստանի բայց մասնաւորաբար Նախիջեւանի՝ Ջուղայի խաչքարերուն ծրագրուած բնաջնջման ազերի բանակին կողմէ:
Կիպրոսի Թեմի Ազգային Առաջնորդարանի Դիմատետրի էջէն կը կարդանք՝
Կիրակի, 1 Մայիս 2022-ի առաւօտէն մինչեւ Չորեքշաբթի 4 Մայիսի գիշերը, կազմակերպութեամբ Կիպրոսի Գոնսթանթիա – Ամմոխոսթօս շրջանի Թեմին, հովանաւորութեամբ տեղւոյն Առաջնորդ՝ Տ. Վասիլիոս Արքեպիսկոպոսին, «Փարալիմնի»ի Առաջնորդարանի շքեղ դահլիճէն ներս, տեղի կ՛ունենայ միջազգային 6-րդ գիտաժողով – համագումարը Ս. Խաչի մասին եւ ի մասնաւորի «Ս. Խաչի յարգանքը Կիպրոսի մէջ» (The Veneration of the Holy Cross in Cyprus) նիւթով:
Սոյն համագումարին հրաւիրուած են Կիպրոսի Հայ հոգեւոր Առաջնորդը, Մարոնիթ եւ Լատին համայնքներու ներկայացուցիչները, Կիպրոսի կարգ մը թեմերու յոյն Առաջնորդները, Յունաստանէն, Գերմանիայէն, Զուիցերիայէն, Շուէտէն, Իտալիայէն, Վրաստանէն, Դանիայէն, Երուսաղէմէն եւ Կիպրոսէն աւելի քան 50 աշխարհական եւ հոգեւորական աստուածաբաններ, վանականներ, ակադեմականներ, հետազօտողներ, համալսարաններու դասախօսներ, տնօրէններ, մանրանկարիչներ, հրաւիրեալներ, արուեստագէտներ եւ ուսանողներ:
Չորս օրերու վրայ տարածուած համագումարը պիտի ունենայ 10 նիստեր, 30 բանախօսներ, ձեռագիրներու, գիրքերու եւ սրբանկարներու ցուցահանդէս, կլոր սեղաններ, հոգեւոր համերգ եւ երաժշտական երեկոյ:
Երկուշաբթի, 2 Մայիսի առաւօտեան ժամը 11:30-ին, Թեմիս Կաթողիկոսական Փոխանորդ՝ Գերշ. Տ. Խորէն Արք. Տողրամաճեան, որպէս գլխաւոր բանախօս ներկայացուց «Ս. Խաչի յարգանքը Հայ եկեղեցւոյ եւ Կիպրոսի մէջ» նիւթը: Ան յաջորդաբար Աստուածուածաշունչէն, հայ եկեղեցւոյ հայրերէն, մատենագիրներէն, սուրբերէն, շարականներէն, աղօթքներէն, մանրանկարիչներէն, վկայաթուղթերէն, մտաւորականներէն, արուեստագէտներէն, արխիւներէն եւ աւանդութիւններուն ընդմէջէն վեր առաւ Ս. Խաչի նկատմամբ տածուած յարգանքը, խաչի անցեալի եւ ներկայի ըմբռնումն ու իմաստը եւ ապա, անդրադարձաւ հայոց խաչքարերուն եւ յատկապէս արեւմտեան Հայաստանի բայց մասնաւորաբար Նախիջեւանի՝ Ջուղայի խաչքարերուն ծրագրուած բնաջնջման ազերի բանակին կողմէ:
Յայտնենք, որ դասախօսութեան ընթացքին սահիկներու վրայ ցուցադրուեցան Ս. Խաչի, վանքերու, եկեղեցիներու, խորաններու, մասունքներու, ձեռագործներու եւ գեղանկարիչներու 50 պատկերներ, որոնք ամիսներու հետեւողական աշխատանքն էին Քրիստնէական Դաստիարակութեան Բաժանմունքի անդամներ՝ Տիկին Անահիտ Էսքիչեանի, Տէր եւ Տիկին Արիս եւ Էլսի Իւթիւճեաններու, Արի Էսքիճեանի եւ Սրբազան Հօր: Դասախօսութիւնը մեծ հետաքրքրութիւն ստեղծեց ու բարձրօրէն գնահատուեցաւ, ի մասնաւորի իւրաքանչիւր նիւթի, վայրի կամ անունի հետ կապուած ներդաշնակօրէն սահիկներու ներկայացումը Տիկին Էսքիչեանի կողմէ, միեւնոյն ժամանակ վրդովում եւ ցաւ՝ հազարաւոր խաչքարերու բնաջնջման համար: Նիստի աւարտին, եղան բազմաթիւ հարցումներ, որոնց պատասխանեց Սրբազանը Անգլերէն եւ Յունարէն լեզուներով: