Այս պահին Սիւնիքի մէջ լարուած իրավիճակ է, որոշ տեղեկութիւններով ատրպէյճանցիները 6 հայ զինուոր գերեվարած են։ Պաշտպանութեան նախարարութեան մօտիկ աղբիւրներ տեղեկութիւնը հաստատեցին, սակայն պաշտօնական հաստատում ստանալ կարելի չեղաւ:
6 զինուորի գերեվարման մասին կը յայտնեն նաեւ ատրպէյճանական թելեկրամեան ալիքները, Սիւնիքէն կը հաղորդեն, որ իրավիճակը կը շարունակէ թէժ մնալ։ Նշենք, որ Ծիծեռնաքարի մէջ այս պահուն մարտեր կ'ընթանան։
Նաեւ կը նշուի, որ լարուած իրավիճակ է Սոթքի ուղղութեամբ, հայկական զինուած ուժերը բերուած են մարտական պատրաստութեան առաջին կարգի։