image

«Սիւնիքէն, ոչ մէկ թիզ հող պիտի յանձնենք ...». Ազատամարտիկ

«Սիւնիքէն, ոչ մէկ թիզ հող պիտի յանձնենք ...». Ազատամարտիկ

Արցախեան առաջին պատերազմի մասնակից, 69 տարեկան քաջարանցի Սէյրան  Հայրապետեան իր հրամանատարի ու մարտընկերներու հետ կրկին հայրենիքը կը պաշտպանէ, բայց այս անգամ հակառակորդի պարտադրած դիրքէն։ Սահմանազատուող Սիւնիքին մէջ սահմանը օրէ օր Սէյրանի ու միւսներու տուներուն կը մօտենայ։

«Ափսոս է, որ մեր շահեկան դիրքերից իջել ենք, բայց էլի սպասում ենք, ձեռքներս ծալած նստած չենք, Սիւնիքի սահմանները կան, լինելու են ու ժողովուրդն էլ մնալու է»,- ըսած է Սէյրան։

«1988 թուականից մինչեւ հիմա համարեա մասնակցել ենք բոլոր մարտերին եւ ուրախ ենք, որ պաշտպանում ենք մեր հայրենիքի սահմանները։ Սիւնեցիներով պաշտպանել ենք ու պաշտպանում ենք, մի թիզ հող Սիւնիքից չենք տալու»,- աւելցուցած է անոր մարտական ընկեր՝ Արմէն Դալլաքեան։

Սէյրանն ու Արմէնը կը ծառայեն իրենց տարեկից եւ իրենցմէ երկու անգամ աւելի երիտասարդ զինուորներու հետ։ Տարածքը, ուր կը մնան, որպէս զօրամաս կը ծառայէ։ Սենեակներէն մէկը, որպէս խոհանոց կ'օգտագործուի, միւսին մէջ ներքնակներ շարած են, այնտեղ քնանալու: Աւարտած պատերազմին շունչը դեռ կը զգացուի այստեղ։

Մանրամասնութիւնները՝ NEWS.am-ի տեսանիւթով։