image

Սերժ Տ. Պուչաքճեան նշանակուած է AMAA-ի Գործադիր Տնօրէնի պաշտօնին

    Սերժ Տ. Պուչաքճեան  նշանակուած է  AMAA-ի Գործադիր Տնօրէնի պաշտօնին

AMAA-ի Կողմէ  խմբագրութեանս  ուղարկուած հաղորդագրութիւնէն վերահասու  դարձանք, որ օրերս Տիար  Սերժ Տ. Պուչաքճեան  նշանակուած    աշխարհատարած սոյն կառոյցի   գործադիր  տնօրէնի պաշտօնին։

Ստորեւ  այդ  հաղորդագրութիւնը  

 

 

 

Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութիւնը մեծ հաճոյքով կը հաղորդէ իր Նորընտիր Գործադիր Տնօրէնին՝ Սերժ Պուչաքճեանի նշանակումը։ Պր. Պուչաքճեան պիտի ստանձնէ իր նոր պաշտօնը Փետրուար 1, 2025-ին։

 

Պր. Պուչաքճեան ծնած է Պէյրութ, Լիբանան՝ ուր ան իր վաղ ձեւաւորման տարիներուն յաճախած է տեղւոյն Հայ Աւետարանական Գոլէճը նախ քան իր Առեւտրական Կառավարման B.A. վկայականը ստանալը Հայկազեան Համալսարանէն։ 1975-ի վերջերուն, Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի սրումը ստիպած է զինք գաղթել Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ (ԱՄՆ) եւ իր ուսումը շարունակել Պոսթընի (Boston, MA) Northeastern Համալսարանին մէջ, ստանալով Առեւտրական Կառավարման Մագիստրոս (M.A.) վկայականը՝ 1978-ին։ Ան նաեւ ամբողջացուցած է կառավարման ծրագրեր Harvard, Oxford եւ Northwestern համալսարաններուն մէջ։

 

Պր. Պուչաքճեան Աւետարանչական Ընկերակցութեան կը բերէ աւելի քան 35 տարիներու փորձառութիւն միջազգային օդատիեզերական եւ պաշտպանական արդիւնաբերութեան ոլորտներէն։ Աւելի վաղ ան ղեկավար պաշտօններ ունեցած է՝ որոնց շարքին են՝ L3 Technologies-ի միջազգային լուծումներու առեւտրական բաժինի փոխ նախագահ եւ գլխաւոր ղեկավար, ինչպէս նաեւ Oshkosh Defense-ի միջազգային ծրագիրներու աւագ փոխ նախագահ եւ գլխաւոր ղեկավար, ուր ան նաեւ  եղած է Ընկերութեան կառավարման պաշտօնայ։ Անոր նախկին պաշտօնավարումները կը ներառեն գործադիր պաշտօններ Honeywell International Inc.-ի մէջ (նախապէս AlliedSignal), ուր ան չորս տարի անցուցած Լոնտոն՝ Անգլիա, վերահսկելով գործունէութեան ամբողջ Եւրոպայի, Մերձաւոր Արեւելքի եւ Ափրիկէի մէջ, եւ ծառայած է անոնց տնօրէններու խորհուրդին ։ Ան նաեւ վարած է համաշխարհային առաջնորդի դերեր Smiths Industries Aerospace-ի մէջ (այժմ՝ GE) եւ Lear Siegler Inc.-ի մէջ տարբեր պատասխանատուութիւններով, որոնք կ’ընդգրկեն ամբողջ աշխարհը:

 

Իր վարած պաշտօններէն անդին Պր. Պուչաքճեան մեծ ներդրում ունեցած է բազմաթիւ Հասարակական եւ մասնագիտական կազմակերպութիւններու մէջ, ինչպէս՝ Ազգային Պաշտպանական Արդիւնաբերական Ընկերակցութիւնը (NDIA), ԱՄՆ-ի բանակի ընկերակցութիւնը (AUSA) եւ օդատիերիզական արդիւնաբերութեան Ընկերակցութիւնը (AIA): Ան նաեւ ծառայած է ԱՄՆ-Հնդկաստան Առեւտրական Խորհուրդին (USIBC)՝ ուր ան նախագահն էր ԱՄՆ-Հնդկաստան Առեւտրական Յանձնաժողովին, ԱՄՆ-ԱՄԷ (Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ) Գործարար խորհուրդին եւ միջազգային փոխըմբռնման Առեւտրական Խորհուրդին:

 

Հայ համայնքի նուիրեալ անդամ՝ Պր. Պուչաքճեան ծառայած է շարք մը Հայկական կազմակերպութիւններու մէջ՝ ինչպէս Հայ Ընկերակիցներու Միութեան (ASOF), Պէյրութի Հայկազեան Համալսարանի Վարչական Խորհուրդի, Աւետարանչական Ընկերակցութեան Եւրոպայի Յանձնաժողովի եւ Փէրէմըսի Հայ Աւետարանական Եկեղեցիի Վարչական Խորհուրդի անդամ, եւ ներկայիս որպէս Երէց։

 

Բազմաթիւ լեզուներու տիրապետած, Պր. Պուչաքճեան բնակած է ԱՄՆ-ու, Մերձաւոր Արեւելքի եւ Եւրոպայի մէջ։ Անոր գործի կեդրոնը պիտի ըլլայ Աւետարանչականի Կեդրոնատեղին՝ Փէրէմըսի (Նիւ Ճըրզի) մէջ։ Ան ամուսնացած է Անիթայի (Փիլիպոսեան) հետ եւ ունի դուստր մը (Նինա) եւ մանչ մը (Մարք)։ 

 

«Պր. Պուչաքճեանի հետ իմ ծանօթութիւնը կը սկսի Պէյրութի Հայ Աւետարանական Գոլէճի մեր օրերէն։ Ինչպէս մեզմէ շատերու, Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմը զինք արմատախիլ ըրաւ, եւ ան յայտնուեցաւ Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան ափը, ուր ան ամբողջացուց իր ուսումը ստանալով M.B.A. վկայականը», ըսաւ Աւետարանչական Ընկերակցութեան Վարչական Խուրհուրդի ներկայ Նախագահ՝ Տօքթ. Նազարէթ Տարագճեան։  «Պր. Պուչաքճեան կը միանայ Ընկերակցութեան կառավարման աշխարհի մեծ փորձառութեամբ, ուր ան կատարելագործած է իր հմտութիւնները որպէս արդիւնաւետ առաջնորդ եւ ընդունակ նորարար եւ վարիչ։ Ան շատ գործունեայ, բայց միեւնոյն ժամանակ շատ համեստ եւ ուշադիր անձնաւորութիւն մըն է։ Պր. Պուչաքճեան ամուր հաւատքի տէր եւ հայրենասէր անձ է, որոնք զինք ամուր կապերով կը կապեն իր պապենական հայրենիքին՝ Հայաստանի եւ Սփիւռքի հետ։ Ես խորապէս կը հաւատամ, որ Պր. Պուչաքճեան հնարաւորութիւն պիտի տայ Աւետարանչականին՝ իրականացնելու իր առաքելութիւնը եւ բարձրացնելու Ընկերակցութիւնը նորանոր բարձունքներու վրայ»։

 

Աւետարանչական Ընկերակցութեան Վարչական Խորհուրդի նորընտիր Նախագահ՝ Կէրի Ռ. Ֆիլլիփս աւելցուց.- «Սերժի մեծ փորձառութիւնը միջազգային ղեկավարութեան մէջ եւ անոր խոր նուիրուածութիւնը Ընկերակցութեան արժեքներուն եւ առաքելութեան, իրեն կու տան եզակի որակաւորում Ընկերակցութիւնը առաջ տանելու դէպի ազդեցիկ ծառայութեան նոր շրջան մը»։