image

Սերժ Սարգսեան պիտի հարցաքննուի

Սերժ Սարգսեան պիտի հարցաքննուի

Երբ ապիկար իշխանութիւնէ կ'ընտրէ մինչեւ վերջ խայտառակուելու ճանապարհը. քիչ առաջ ծանուցում ստացած եմ հակափտածութեան կոմիտէի վարչութեան պետ Հր․ Մուշեղեանէն, որ ՀՀ երրորդ նախագահ Սերժ Սարգսեանը հարցաքննութեան կը կանչուի որպէս մեղադրեալ։ Այս մասին ֆէյսպուքեան իր էջով գրած է փաստաբան Ամրամ Մակինեանը:

Ան, մասնաւորապէս, նշած է. «Եւ զաւեշտն այն է, որ երեքուկէս տարի Սիլվայի ցուցմունքը վերցնել-դնելով այսօր «որոշած են», որ ան նաեւ Սերժ Սարգսեանին կաշառք տուած է եւ այդ այն պարագային, երբ նոյն գործով երկու տարի առաջ Սերժ Սարգսեանը հարցաքննուած է որպէս վկայ եւ մինչ օրս որեւէ նոր հանգամանք իրաւական առումով չէ փոխուած եւ չէ աելցած…

Լաւ, Սիլվայէն բացի ուրիշ հերոսի անուն չէ՞ք գիտեր։

Յ․Գ․ Այս իրաւական խայտառակութեան մնացած մանրամասները կը ներկայացնեմ յաջորդիւ, համոզուած եմ, որ ձեր գործերը քննող քննիչները ձեզմէ գրագէտ կ'ըլլան»: