Գերմանիոյ դաշնային կառավարութիւնը դիմած է Սերպիոյ նախագահ Ալեքսանտր Վուչիչին՝ պահանջելով կողմնորոշուիլ ԵՄ-ին անդամակցելու ուղղութեան եւ Ռուսիոյ հետ գործընկերութեան միջեւ: Այս մասին յայտնած է Welt թերթը՝ յղում ընելով Գերմանիոյ կառավարութեան աղբիւրներուն։
Հրատարակութեան համաձայն՝ Գերմանիան «զարմացած ու հիասթափուած է», որ Սերպիան համագործակցութեան համաձայնագիր ստորագրած է Ռուսիոյ հետ։ Թեկնածու երկիրներէն Գերմանիան, ընդհակառակը, կ'ակնկալէր Ռուսիոյ Դաշնութեան դէմ պատժամիջոցներու կիրառում։
Եթէ Վուչիչ երկիրը առաջնորդէ ԵՄ-ի հետ յարաբերութիւններու ամրապնդման ուղղութեամբ, Գերմանիան պիտի աջակցի անոր, իսկ Ռուսիոյ հետ շարունակական գործընկերութիւնը պիտի յանգեցնէ հակառակ հետեւանքներու, ըսած են գերմանական հրատարակութեան կառավարական շրջանակները։
Հակառակ ԵՄ-ի թեկնածուի կարգավիճակին՝ Սերպիոյ իշխանութիւնները կը հրաժարին պատժամիջոցներ կիրառելէ Ռուսիոյ դէմ։ Սերպիոյ նախագահ Ալեքսանտր Վուչիչ յայտարարած է, որ երկիրը «պիտի յարմարի եւ ձեւով մը ելք պիտի գտնէ», որպէսզի լաւ յարաբերութիւններ պահպանէ ե՛ւ ԵՄ-ի, ե՛ւ Ռուսիոյ հետ: