Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան կուսակցութիւնը մօտիկ յառաջիկային արտահերթ համագումար պիտի կայացնէ: Այս մասին յայտարարած է ՍԴՀԿ Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ՝ Յակոբ Տիգրանեան: ՍԴՀԿ Առաջնորդը նաեւ դիտել տուած է, թէ արտահերթ համագումարը պիտի քննարկէ կուսակցութեան 2017 թուականի ՀՀ Ազգային ժողովին մասնակցութեան հարցը եւ ձեւաչափը: Տիգրանեան, խօսելով Հայաստանի ներքաղաքական իրադրութեան մասին, դիտել տուած է, թէ այսօր գրանցուող զարգացումները տեղի կ'ունենան զուտ ընտրական հաշիւներով եւ այդ քաղաքական դաշինքները ի զօրու չեն Հայաստանի կարեւորագոյն խնդիրներուն լուծումներ բերել, որովհետեւ կը կայացուին կարճ ժամկէտներով եւ յայտնի մօտեցումներով: Տիգրանեան, որուն տուած հարցազրոյցը լոյս տեսած է ՍԴՀԿ մամլոյ օրկաններուն կողմէ, նաեւ առաջարկած է արագօրէն ստեղծել ազգային միասնութեան կառավարութիւն, որ պիտի կարողանայ Հայաստանի բազում հարցերուն լուծումներ գտնել: Հնչակեան ղեկավարին կարծիքով Հայաստանի գլխաւոր հիմնախնդիրը արտագաղթն է: