Ռուսիան կ'ողջունէ ցանկացած նախաձեռնութիւն, որ կրնայ աջակցութիւն ցուցաբերել Պաքուի եւ Երեւանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման ջանքերուն, գլխաւորը՝ խուսափիլն է ձեռնարկուող միջնորդական ջանքերու կրկնօրինակումէն եւ մրցակցութենէն։
Այս մասին ԹԱՍՍ-ի հարցազրոյցին ըսած է Ռուսիոյ Դաշնութեան արտաքին գործոց փոխնախարար Միխայիլ Կալուզինը։
«Պաքուի եւ Երեւանի հաշտեցման հիմքը Ռուսիոյ, Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի ղեկավարներու եռակողմ յայտարարութիւններու համալիրն է։ Նկատի ունիմ փոխադրային եւ տնտեսական կապերու ապաշրջափակման միջոցները, սահմանազատումը, վստահութեան ամրապնդումը հասարակական գործիչներու եւ փորձագէտներու շփումներու միջոցով, խաղաղութեան պայմանագրի պատրաստումը։ Գլխաւորը խուսափիլն է ձեռնարկուող միջնորդական ջանքերու կրկնօրինակումէն եւ մրցակցութիւնէն եւ համագործութեան հասնիլը»,- ըսած է Կալուզինը՝ պատասխանելով այն հարցին, թէ ինչպէս Ռուսիոյ Դաշնութիւնը կը վերաբերի Եգիպտոսի նախաձեռնութեան Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ միջնորդութեան մասին։