Ռուսական զօրքերը Սեւ ծովէն «Քալիպր» թեւաւոր հրթիռներով հարուածած են Լվով քաղաքը։ Ուքրաինիոյ հակաօդային պաշտպանութեան ուժերը յաջողած է ոչնչացնել հակառակորդի տաս հրթիռէն եօթն, հաղորդած է Ուքրանիոյ Զինուած ուժերու ռազմաօդային ուժերու հրամանատարութիւնը։
Հարուածները եղած են վերգետնեայ կրիչներէ ու սուզանաւերէ, գրած է korrespondent.net-ը։
Աւելի վաղ հաղորդուած էր, որ ռուսական հրթիռային յարձակման հետեւանքով Լվովի մէջ վնասուած է բնակելի շէնք, զոհուած է 4 քաղաքացի, վիրաւորուած՝ ինը: Այս մասին 6 յուլիսին յայտարարած էր երկրի Ներքին գործոց նախարար Իկոր Քլիմենքօն։
Ուքրանիոյ նախագահ Վլատիմիր Զելենսքին տեսանիւթ հրապարակած էր Լվովի մէջ ռուսական յարձակումէն ետք։
«Լվով. ռուս ահաբեկիչներու գիշերային հարուածի հետեւանքները, ցաւօք, կան վիրաւորներ եւ զոհեր, կը ցաւակցիմ ընտանիքներուն, հակառակորդին անպայման շօշափելի պատասխան պիտի ըլլայ», -ըսած էր պետութեան ղեկավարը։