Ռուսիան Հայաստանէն կը խնդրէ, որ կարելի եղածին չափ շուտ հանրաքուէ կազմակերպէ՝ Եւրոպական Միութեան (ԵՄ) կամ Եւրասիական Տնտեսական Միութեան (ԵԱՏՄ) մէջ իր ապագայի վերաբերեալ։ Այս մասին ըսած է Ռուսիոյ նախագահը՝ Սեն Փեթերսպուրկի Միջազգային Տնտեսական Ֆորումի շրջածիրէն ներս միջազգային լրատուական գործակալութիւններու ղեկավարներուն հետ ունեցած հանդիպման ընթացքին։
«Անկախ այն բանէն, թէ Հայաստանը ո՛ր ուղին պիտի ընտրէ, Ռուսիան պիտի շարունակէ պահպանել յարաբերութիւնները այդ երկրին հետ։ Հայաստանի մէջ ԵՄ-ին անդամակցութեան վերաբերեալ օրէնքի ընդունումը մտահոգութիւններ յառաջացուցած է Ռուսիոյ մէջ»,– նշած է ան։