image

Ռուսիա-Չինաստան յարաբերութիւնները գերազանցած են ռազմաքաղաքական դաշինքի մոտելը. Չինաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւն

Ռուսիա-Չինաստան յարաբերութիւնները գերազանցած են ռազմաքաղաքական դաշինքի մոտելը. Չինաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւն

Մոսկուայի եւ Փեքինի յարաբերութիւնները գերազանցած են «պաղ պատերազմի» ժամանակաշրջանի ռազմաքաղաքական դաշինքի մոտելը, յայտարարած է Չինաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան խօսնակ Վան Վենպինը։

Ան այսպէս մեկնաբանած է ՆԱԹՕ-ի պաշտօնական հաղորդագրութեան այն դրոյթը, որ Ռուսիոյ եւ Չինաստանի միջեւ համագործակցութեան խորացումը կը հակասէ դաշինքի շահերուն, գրած է kommersant.ru-ն։

Վենպինի խօսքով՝ երկու երկրի յարաբերութիւնները «հիմնուած են չմիաւորման, չառճակատման եւ երրորդ կողմերը չթիրախաւորելու սկզբունքներու վրայ»։

«Երկու երկրի յարաբերութիւնները գերազանցած են «պաղ պատերազմի» տարիներուն ռազմաքաղաքական դաշինքի մոտելը։ Սա սկզբունքօրէն կը տարբերի ՆԱԹՕ-ի երկիրներէն, որոնք կը ստեղծեն փակ շրջանակներ եւ կը ներգրաւուին դաշինքային առճակատման մէջ»,- ըսած է ան: