Ապրիլ 15-ին Ռուսաստանի Դաշնութեան Արդարադատութեան նախարարութիւնը լրագրող Եուրի Տուտը եւ քաղաքագէտ Եքաթերինա Շուլմանը ներառած է օտարերկրեայ լրատուամիջոցներու գործակալներու արձանագրութեան մէջ:
Գործակալութեան կայքին մէջ զետեղուած տեղեկատուութեան համաձայն, այս արձանագրութեան մէջ ընդգրկուած է ընդհանուր առմամբ ինը մարդ: Այս ցուցակը կ'եզրափակէ ծաղրանկարիչ Սերկէյ Էլքինը: Ցանկին մէջ ներառուած է նաեւ ռուսաստանցի լրագրող, ԼԳԲՏ համայնքի իրաւունքներու աշխոյժ պաշտպան Կարէն Շահինեանը: