Իսլամներու համար սրբազան Ռամատան ամսուան առթիւ հանրայայտ «Lipton» ընկերութեան կողմէ նկարահանած սառ թեյի գովազդին մէջ նկարահանուած է ազգութեամբ հայ երգիչ: Թրքական «Habervaktim.com» լրատուակայքի համաձայն՝ «Lipton»-ը իր հոլովակի համար ընտրած է Թուրքիոյ քաղաքացի, անուանի երգիչ Հայկօ Ճեփքինին:
Տեսահոլովակին մէջ Ռամազան անունով կերպարը մարմնաւորող Հայկօն նաեւ կը կատարէ գովազդի մէջ հնչող երգը: Իսլամական կրօնական արժէքներու վերաբերեալ նկարահանուած գովազդին մէջ քրիստոնեայ հայ երգիչի մասնակցութիւնը Թուրքիոյ մէջ արժանացած է իսլամներու քննադատութեան: