image

Քորոնա տագնապներ... եւ հաւաքոյթներ

Քորոնա տագնապներ... եւ հաւաքոյթներ

Օգոստոսը Հայաստանի մէջ սկսաւ արտակարգ դրութեան որոշ պայմաններու թուլացմամբ: Առտուան ժամը 10-12-ը խանութներու եւ սպասարկման այլ վայրերու մէջ այլեւս միայն տարեց բնակիչներու համար սահմանուած ժամ չէ, ամէն մարդ կրնայ այդ ժամերուն խանութ եւ ուրիշ տեղեր այցելել: Պայման մըն էր, որ յաճախ խախտեցաւ համավարակի երկար օրերուն ընթացքին, բայց կային ընկերութիւններ, որոնք խստօրէն պահեցին այս կարգը: Տարածքները ախտազերծելու, դիմակ, ձեռնոց եւ այլ պաշտպանիչ միջոցներ կիրարկելու հրամանները ուժի մէջ են, բայց Հայաստանի մէջ արդէն սկսած են նուազիլ քորոնայով վարակուած անձերուն թիւը: Այնպիսի տպաւորութիւն կայ, թէ այլեւս չմնաց ընտանիք կամ ընկերութիւն, ուր գոնէ մէկ վարակակիր չըլլայ: Երեւանի 70 տոկոսը կարծես վարակը անցուցած է՝ ծանր, թեթեւ կամ առանց ախտանիշներու. ատոր համար այսօր վարակակիրներու թիւերը համեմատաբար նուազած են՝ յունիս-յուլիս ամիսներուն օրուան մէջ 700-800 վարակակիրներուն բաղդատմամբ:

Քորոնա համավարակի ալիքին գագաթնակէտը Հայաստանի մէջ յուլիսի սկիզբն էր, երբ հիւանդանոցներուն մէջ տեղ չկար քորանայով վարակակիր նոյնիսկ ծանր դէպքերուն համար, մահերը կը հասնէին օրական մինչեւ 15-18-ի. շատերու վիճակը կը բարդանար տուներու մէջ՝ հիւանդանոցներու մէջ ազատ տեղ սպասելու օրերուն:  Այսօր, բժշկական կեդրոններուն մէջ ազատ տեղեր ալ կան, մահուան պարագաներն ալ նուազած են, իսկ հասարակութեան մէջ պակսած է քորոնայով վարակուելու վախը: Շատեր կը տեսնեն, որ այս վարակը, ի վերջոյ, բուժելի է, աւելի շատ մարդ կը բուժուի, քան՝ կը մահանայ եւ այդ մէկը սրտապնդած է վախի մէջ ապրած մարդիկը: Տակաւին պարզ չէ, թէ վախցողնե՞րը շատ էին, թէ՞ վարակը արհամարհողները, բայց «քորոնավախեր» արտայայտութիւնը այլեւս ամրագրուած հասկացողութիւն մըն է հասարակութեան մէջ եւ դժուար թէ անիկա մօտ ապագային լքէ…

Այդ վախերով տառապողներու համար, թերեւս առաջին մխիթարութիւնը քորոնա վարակին դէմ պատուաստանիւթի շօշափելի ըլլալն է: Պատուաստանիւթին մասին վերջին շրջանին աւելի շատ սկսան խօսիլ, քան համավարակի առաջին օրերուն, երբ պատուաստանիւթի շուրջ տակաւին մշուշ եւ անորոշութիւն կար եւ ընդհանրապէս, անորոշութիւն եւ հանելուկներ կային նաեւ քորոնա վարակին շուրջ: Հանելուկները տակաւին կան, բայց անորոշութիւնը, ընդհանուր առմամբ, փարատած է:

Պատաստանիւթի շուրջ աշխատող ընկերութիւնները, իրարու կարգ չզիջելով, կը ներկայացնեն իրենց օրական արդիւնքները նաեւ աճապարելով, թէ ո՞ր ընկերութեան կամ ո՞ր երկրին ստեղծած պատուաստանիւթը նախ կը սկսի կիրարկուիլ աշխարհի մէջ:

Միացեալ Նահագներու մէջ մարդոց վրայ պատուաստ փորձարկած առաջին ընկերութիւնը՝ «Մոտերնա»ն, յուլիս 27-ին յայտարարեց քորոնավարակի դէմ պատուաստանիւթի հիւանդանոցային փորձարկումներու երրորդ փուլին անցնելուն մասին: Առաջին եւ երկրորդ փուլերը յաջողութեամբ յաղթահարած նկատելով ընկերութիւնը այս հանգրուանին հասած է: Երրորդ փուլին փորձարկման պիտի մասնակցի մօտաւորապէս 30 հազար կամաւոր: Հետաքրքրական է, որ պատուաստանիւթը եւ անոր փորձարկումները տակաւին չամբողջացած՝ «Մոտերնա»ն պատուաստը մատակարարելու համաձայնագրեր կնքած է կառավարութիւններու եւ մեծ ընկերութիւններու հետ: Այդ համաձայնագրերէն շատեր մինչեւ տասն տարի համագործակցութիւն կ՚ենթադրեն: «Մոտերնա»ն յայտարարած է նաեւ պատուաստին գիները. նշելով, թէ մտադիր է քորոնավարակի դէմ իր կողմէ մշակուած պատուաստանիւթը վաճառել մէկ բուժական քուրսը՝ 50-60 ամերիկեան տոլարով. կը նշանակէ, որ մէկ անգամ ընդունման դեղաչափը կ՚արժէ 20-30 տոլար։ Նախատեսուած է, որ պատուաստը ամբողջական կ՚ըլլայ երկու-երեք դեղաչափ ընդունելէ ետք: Այս առումով «Մոտերնա»ն նոյնպէս պայմանագրեր կնքելու ճամբուն վրայ է: Մասաչուսեթս նահանգի Քէյմպրիչ քաղաքին մէջ հիմնուած կենսաբանական եւ գիտահետազօտական այս ընկերութեան համահիմնադիրը, յիշեցնենք, հայազգի Նուպար Աֆէեանն է: Հայաստանը պատուաստանիւթը հաւանաբար կը գնէ անոր ընկերութենէն, արդէն համաձայնութիւններ կան:

Միւս ընկերութիւնները, որոնք նոյնպէս քորոնաժահրին դէմ պատուաստանիւթ կը մշակեն, մտադիր են իրենց արտադրանքը վաճառել աւելի աժան գինով։ Ամերիկեան Pfizer-ը եւ գերմանական BioNTtech-ը օրեր առաջ պայմանաւորուած են Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան հետ՝ 100 միլիոն դեղաչափ մատակարարել, մէկ դեղաչափին փոխարէն 19.5 տոլար գանձելով, իսկ բրիտանա-շուէտական AstraZeneca-ն իր մշակած պատուաստանիւթը մտադիր է վաճառել մինչեւ իսկ 3-4 տոլարով։ Այս մէկը կասկածներ յառաջացուցած է մարդոց մօտ՝ չվստահելու անհաւանական ցած գինով վաճառուող դեղանիւթի որակին: Սակայն ցած արժէք սահմանող ընկերութիւնը կը յայտարարէ, որ այդպիսի բարդ վարակ մը չէ քորոնաժահրը, որուն դէմ ստեղծուելիք պատուաստը բարձր գին ունենայ: Անոնք պարզ վարակներու շարքին դասած են քորոնան՝ նկատել տալով, որ ժամանակին սովորական կրիփը նոյնպէս սարսափներ յառաջացուցած է աշխարհի մէջ, իսկ այսօր ամէն մարդ, տարին քանի մը անգամ, կը վարակուի այդ ժահրով եւ շատ աժան դեղամիջոցներով կը բուժուի, կրիփին դէմ պատուաստն ալ ինքնին աժան է:

Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութիւնը, սակայն, կը մտահոգէ թերզարգացած, աղքատ երկիրներու քորոնավարակի դէմ պատուաստանիւթէն զրկելու սպառնալիքը: Նման երկիրներու մէջ պատուաստանիւթերը կամ ամենավերջինը կը հասնին կամ երբեք չեն հասնիր:

Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութիւնը մտադիր է ինք գնել եւ աւելի արդար եղանակով ու մատչելի գինով առաջարկել պատուաստանիւթը այդ երկիրներուն եւ անոնց եւս վարակին դէմ պայքար տանելու հնարաւորութիւն տալ:

Մինչ որոշ մարդիկ հակուած են վստահելու աւելի փորձառու եւ հնագոյն ընկերութիւններուն, ոմանք ալ նոր ընկերութիւններուն աւելի հաւատք կը տածեն, այս մէկը կը բացատրեն անով, որ նոր ընկերութիւնները չեն բարդացներ գործը, կը վաճառեն միայն դեղը եւ ոչ՝ իրենց անցեալի պատմութիւնը: Պատմութիւն ունեցող ընկերութիւնը, սովորաբար, գինին մէջ կը ներառնէ նաեւ իր ծանրակշիռ ճանապարհին արժէքը:

Pfizer ընկերութիւնը, օրինակ, աւելի քան 150 տարուայ պատմութիւն ունի, համաշխարհային դեղագործական շուկայի յառաջատարներէն է եւ մէկ անգամէն չորս պատուաստանիւթ կը փորձարկէ՝ իւրաքանչիւրին համար սահմանելով տարբեր գին մը: Չորսն ալ մշակուած են ժամանակակից այն մեթոտով, որով գիտնականները ոչ թէ կը վարակեն մարդը՝ հիւանդութեան դէմ հակամարմիններ ստեղծելու համար, այլ կը ներարկեն նոր ժահրի ծննդական պայմանանիշները, որպէսզի մարմինը ինքը ճանչնայ «թշնամին» եւ պայքարի անոր դէմ: Այս միջոցը անվնաս է մարդուն առողջութեան եւ բոլորովին նոր է գիտական աշխարհին մէջ:

Pfizer-ի ներկայացուցիչը ըսած է, որ եթէ ամէն բան ընթանայ իրենց ուզածին պէս, ապա աշնան անվտանգ ու արդիւնաբեր պատուաստանիւթի մասին առաջին տուեալները կը յայտարարուին, որմէ ետք կը սկսի արտադրութիւնը, նախ մի քանի միլիոն չափաբաժինով, հասցնելով մինչեւ միլիառաւոր քանակներու:

Չինաստանը, ուրկէ ծագած է քորոնաժահրը, նոյնպէս արդիւնքներ ունի պատուաստանիւթին հարցով. չինական CanSino Biologics հասած է հիւանդանոցային փորձարկումներու երկրորդ-երրորդ փուլին: Բրիտանական Օքսֆորտի մէջ փորձերը վաղուց սկսած են, բայց անոնք կը քալեն պատուաստանիւթերու ներարկման աւանդական ճանապարհով՝ մարդը վարակելու ձեւով:

Աւստրալիոյ մէջ կը փորձեն յստակեցնել, թէ ինչպէ՞ս ծագած է այս վարակը եւ պատուաստանիւթը մշակել այդ տուեալներու հիման վրայ:

Մինչ շատ երկիրներու մէջ քորանայի պատուաստանիւթ ստեղծելու գործը ստանձնած են դեղագործական անկախ ընկերութիւնները եւ ազգային առողջապահական հիմնարկներ, Ռուսաստանի մէջ առողջապահական այս գործով կը զբաղի երկրի պաշտպանութեան նախարարութիւնը: Նախարարութիւնը յայտարարած է քորանավարակի դէմ ռուսական առաջին պատուաստանիւթին պատրաստ ըլլալուն մասին: Հոս պատուաստանիւթին ստեղծման մասնակցած են նաեւ ռազմական մասնագէտներ՝ Ազգային հետազօտական կեդրոնի գիտնականներուն հետ: Ռուսաստանի մէջ ռազմավարական զէնքերու կարգին դասած են քորոնայի դէմ պատուաստանիւթը:

Այսպէսով, մասնագէտները կը հաստատեն, որ եթէ աշխարհի մէջ շարունակուող այս փորձերը յաջողութեամբ պսակուին, ապա քորոնայի դէմ պատուաստանիւթը շրջանառութեան մէջ կ՚ըլլայ մինչեւ այս տարեվերջ, որ աննախադէպ զարգացում է ախտամերժութեան պատմութեան մէջ. մինչ օրս մարդկութեան ծանօթ բոլոր պատուաստանիւթերուն արտադրութեան համար տարիներ, տասնամեակներ պահանջուած են:

ՔՈՐՈՆԱ ՀԱՒԱՔՈՅԹՆԵՐ

Աշխարհի բազմաթիւ երկիրներու մէջ երիտասարդութեան ծիրէն ներս տարածում սկսած են գտնել «քորոնա հաւաքոյթներ»ը: Այս նոր երեւոյթը խիստ քննադատութեան կ՚արժանանայ բժիշկներու եւ շատ մարդոց կողմէ, մինչդեռ երիտասարդները, որոնք ըմբոստանալու ջիղ ունին, քորոնայի դէմ պայքարելու այս ձեւը գտած են: Քորոնայով վարակուած անձերուն հետ քորոնա հաւաքոյթներ կ՚իրականացնեն՝ սպասելով, որ բոլոր մասնակիցները վարակուին եւ այդ ձեւով արագ անցնին այն ճանապարհը, որ շատ ուռճացուած եւ բարդացած կը թուի նոյն այդ երիտասարդներուն: Անոնք կը պարեն մինչեւ ուշ ժամեր, կը գիրկնդախառնուին, կը խմեն նոյն գաւաթէն եւ առանց պաշտպանիչ միջոցներու ուրախ ժամանակ կ՚անցընեն: Այս զուարճալի հաւաքոյթները նաեւ տխուր վերջաբան կ՚ունենան: Բոլոր վարակուածները յետոյ չեն յաղթահարեր հիւանդութիւնը եւ վարակուելէն ետք եղած են նաեւ մահուան դէպքեր:

Երեւոյթը տարածում ունի մանաւանդ Միացեալ Նահանգներու մէջ: Միացեալ Նահանգները այս վարակի առումով սարսափելի թիւերու առջեւ կանգնած է եւ ահաւասիկ՝ «քորոնա հաւաքոյթներ»ն ալ լրացուցիչ կրակարաններ կը դառնան:

Բազմաթիւ նահանգներու մէջ ամերիկեան իշխանութիւնները վերականգնած են սահմանափակումները, որոնք վերջին շրջանին քիչ մը թուլացած էին:

Երկրին մէջ կը քննարկեն՝ բանա՞լ դպրոցները կամ ոչ: Ամերիկացի բժիշկները յուսահատ են՝ մէկ կողմէ հիւանդանոցներու մէջ լուրջ պայքար կը տարուի հիւանդներուն կեանքերը փրկելու համար, միւս կողմէ շատեր կ՚արհամարհեն հիւանդութիւնը եւ առանց դիմակներու, պաշտպանիչ միջոցներու փողոց կ՚ելլեն, չեն պահպաներ հեռաւորութիւն, կ՚անտեսեն հակահամաճարակային կանոնները:

Թեքսաս նահանգի Հիւսթընի հիւանդանոցէն տքթ. Ճոզէֆ Վարոն խոստովանած է, որ աշխատանքին ընթացքին յաճախ յուսահատութեան մէջ կ՚իյնայ: Ան ըսած է, որ Միացեալ Նահանգներու մէջ բժիշկները այսօր երկու ճակատի վրայ կը կռուին՝ քորոնավարակին եւ մարդկային յիմարութեան: Բժիշկը ըսած է, որ յիմարութիւնը երբեմն անվերջ կը թուի, նաեւ անյոյս կ՚ըլլայ անոր դէմ պայքարը, մինչդեռ, անոր խօսքերով, աւելի դիւրին է պայաքարիլ վարակին դէմ: Քորոնան այսպիսի տագնապներ ստեղծած է լուրջ բժիշկներու համար, որոնք մինչեւ այս տարուայ սկիզբը կ՚ապրէին իրենց առօրեայ կեանքով եւ երբեք չէին պատկերացներ, թէ ինչի առջեւ կը յայտնուի աշխարհը:

Անուշ Թրուանց

«Ժամանկ»/Պոլիս