Քիեւի մարզին մէջ ուղղաթիռի կործանման հետեւանքով 16 մարդ զոհուած է։ Զոհերու շարքին են երկրի Ներքին գործոց նախարարութեան ղեկավար Տենիս Մոնասթիրսքին եւ անոր առաջին տեղակալ Եւգենի Էնինը, յայտնած է Ուքրանիոյ ազգային ոստիկանութեան ղեկավար Իկոր Քլիմենքոն։
Ուղղաթիռը կործանած է մանկապարտէզի եւ բնակելի շէնքի մօտ, գրած է «Քոմերսանթ»ը:
«Ընդհանուր առմամբ, այս պահու դրութեամբ յայտնի է 16 զոհի մասին, որմէ 2-ը երեխաներ են։ Զոհերէն 9-ը եղած է ուղղաթիռի մէջ։ 22 տուժած կը գտնուի հիւանդանոց, որոնցմէ 10-ը երեխաներ են»,- գրած է Քլիմենքոն դիմատետրեան իր էջին։
Վթարի պատճառը դեռ յայտնի չէ։
Տենիս Մոնասթիրսքին Ուքրանիոյ ներքին գործոց նախարարութեան ղեկավարն էր 2021 թուականի յուլիսի կէսերէն։ Նոյն թուականի օգոստոսի վերջը անոր տեղակալ նշանակուած է Եւգենի Էնինը։