image

Քիէւի մէջ. Ռուսաց զօրքերուն նախագահական պալատ հասնելուն մնաց 24 քիլոմեթր

Քիէւի մէջ.  Ռուսաց  զօրքերուն նախագահական  պալատ հասնելուն  մնաց 24 քիլոմեթր

Քիեւի մէջ «Մայատին» բանագնացը յայտնած է, որ ռուսական ուժերը կը գտնուին մայրաքաղաք Քիեւի մէջ Ուքրանիոյ նախագահի նստավայրէն նուազ քան 24 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ:

Ան յաւելած է, որ երկաթուղային կայարանները Քիեւէն բնական կերպով կ'աշխատին դէպի արեւմտեան շրջաններ` մատնանշելով, որ որոշ սննդամթերքներ սկսած են չգտնուիլ խանութներուն մէջ` մայրաքաղաքին մէջ հացի ճգնաժամի լոյսի ներքոյ:

Ան յաւելած է նաեւ, որ ռուսական ուժերը այժմ կը վերահսկեն Ուքրանիոյ կեդրոնական Զափորոժիա կայանը:

Այս տեղի կ'ունենայ այն ժամանակ, երբ ուքրանական ուժերը կը շարունակեն պատնէշներ տեղադրել մայրաքաղաքը շրջապատող ճանապարհների մեծ մասին վրայ: Հարաւարեւելեան Մարիոփոլ քաղաքին մէջ կը շարունակուին կատաղի մարտերը, որոնց ուղղությամբ ռուսական ուժերը կը  շարունակեն յառաջխաղացումը։ Ղրիմի մէջ «Մայատին»ի բանագնացը նշած է, որ ռուսական ուժերը դեռ առաջ կը շարժին դէպի Օտեսա: