ՆԱԹՕ-ի որոշ երկիրներ կ'աջակցին Քիեւի՝ Տոնպասի մէջ ռազմական գործողութիւններուն մասնակցելու համար օտարերկրեայ քաղաքացիներու հաւաքագրման ջանքերուն, սակայն չեն բարձրաձայներ այդ մասին, «ՌԻԱ Նովոստի»ի հետ զրոյցի ժամանակ ըսած է Ռուսիոյ Դաշնութեան Արտաքին գործոց նախարարութեան նոր մարտահրաւէրներու ու սպառնալիքներու վարչութեան տնօրէն Վլատիմիր Թարապինը։
«Ռուսիոյ Դաշնութիւնն ուշադիր կը հետեւի Ուքրանիոյ իշխանութիւններու կողմէ օտարերկրեայ քաղաքացիներու հաւաքագրման, որ կ'իրականացուի ՆԱԹՕ-ի որոշակի երկիրներու լուռ աջակցութեամբ Արեւելեան Ուքրանիոյ մէջ քիեւեան ռեժիմի կողմէ ռազմական գործողութիւններու անցնելու համար», - ըսած է դիւանագէտը:
Ան նաեւ ընդգծած է, որ հաւաքագրման գործընթացին մէջ ներգրաւուած են ոչ միայն ոչ կառավարական կազմակերպութիւնները, այլեւ արտերկրի մէջ գործող Ուքրանիոյ դիւանագիտական ներկայացուցչութիւնները. բան մը, որ կը հակասէ միջազգային պայմանագրերուն, մասնաւորապէս՝ 1961 թուականի Դիւանագիտական յարաբերութիւններու մասին վիեննական համաձայնագրին։