Նախագահ Վլատիմիր Զելենսքին հերքած է Ուքրանիոյ որեւէ մասնակցութիւն Քրեմլի վրայ անօդաչու թռչող սարքի յարձակման մէջ։ «Մենք չենք յարձակիր Փութինի կամ Մոսկուայի վրայ, մենք կը կռուինք մեր տարածքին մէջ»,-ըսած է Զելենսքին Հելսինքիի մէջ կայացած մամուլի ասուլիսին։ Այս մասին գրած է Reuters-ը։
Ուքրանիոյ նախագահական բարձրաստիճան պաշտօնեան ըսած է, որ միջադէպը կ'ենթադրէ, որ Մոսկուան կը պատրաստէ խոշոր «ահաբեկչական սադրանք»:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն ըսած է, որ Ուաշինկթընը չի կրնար հաստատել յարձակման մասին հաղորդագրութիւնը, եւ որ ռուսական պնդումները պէտք է ընդունուին «շատ մեծ թերահաւատութեամբ»:
Աւելի վաղ Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահի աշխատակազմը յայտնած էր, որ չորեքշաբթի գիշեր Քիեւ փորձած է անօդաչու թռչող սարքերով հարուածել Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահ Վլատիմիր Փութինի քրեմլեան նստավայրը:
«Երկու անօդաչու թռչող սարքեր ուղղուած եղած են դէպի Քրեմլ: Ռատարային մարտական համակարգերու օգտագործմամբ զինուորականներու եւ յատուկ ծառայութիւններու կողմէ ժամանակին ձեռնարկուած գործողութիւններու հետեւանքով սարքերը շարքէ դուրս բերուած են»,-ըսուած էր հրապարակման մէջ։
Յարձակման հետեւանքով Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահը չէ տուժած, Քրեմլի տարածքին ԱԹՍ-ներու բեկորներ իյնալու ժամանակ ոչ ոք տուժած է: Քրեմլը այդ գործողութիւնները որակած է ծրագրուած ահաբեկչութիւն եւ մահափորձ Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահի դէմ Յաղթանակի օրուան եւ մայիս 9-ի շքերթի նախաշեմին։ «Ռուսական կողմն իրեն իրաւունք կը վերապահէ պատասխան միջոցներ ձեռնարկելու ուր եւ երբ յարմար գտնէ»,- նշուած էր հաղորդագրութեան մէջ։