Իրան տեղ չկայ թաւշեայ կամ գունաւոր յեղաշրջումներու։ Այս մասին ԵՄ-ի դիւանագիտութեան ղեկավար՝ Ժոզեփ Պորելի հետ զրոյցին ըսած է Իրանի արտաքին գործոց նախարար՝ Հոսէյն Ամիր Ապտուլ Լահիան։
Ան դատապարտած է Արեւմուտքը՝ ԱՄՆ-ի եւ Գանատայի մէջ ոստիկանական դաժանութիւններու նկատմամբ անգործութեան համար։
Մեկնաբանելով Իրանի մէջ տեղի ունեցած վերջին զարգացումները՝ արտաքին գործոց նախարարը ըսած է. «Մահսա Ամինիի մահը ցաւալի է։ Այս կապակցութեամբ դատաբժշկական կազմակերպութիւնը՝ զգալի թիւով բժիշկ-մասնագէտներու եւ փորձագէտներու հովանաւորութեամբ, ներկայացուցած է ճշգրիտ եւ գիտական զեկոյց։ Մինչդեռ դատաքննութիւնը կ'ընթանայ։ Ի հարկէ, այս դէպքը պատրուակ է որոշ արեւմտեան պաշտօնեաներու համար։ Հարցն այն է, թէ ինչ ըրած է Արեւմուտքը՝ Գանատայի եւ Միացեալ Նահանգներու մէջ ոստիկաններու կողմէ կանանց եւ երեխաներու սպաննութիւններու հարիւրաւոր դէպքերը հետաքննելու համար»,-նշած է ան։
Ապտուլ Լահիանի խօսքով՝ Իրան կը վայելէ ժողովուրդի հզօր աջակցութիւնը։ «Իրան տեղ չկայ գունաւոր կամ թաւշեայ պետական յեղաշրջման։ Իրան տարածաշրջանի կայունութեան եւ խաղաղութեան խարիսխն է»,- աւելցուցած է ան։
Իր հերթին, Պորել նշած է, որ գոհ է Գործողութիւններու համատեղ համապարփակ ծրագրի (ԳՀՀԾ) վերականգնման ուղղութեամբ ձեռք բերուած առաջընթացէն եւ ընդգծած Թեհրանի եւ ՄԱԳԱՏԷ-ի (Աթոմային ուժանիւթի միջազգային գործակալութիւն) միջեւ համագործակցութեան կարեւորութիւնը: Ան Իրան-ԱՄՆ գերիներու փոխանակումն անուանած է քայլ առաջ՝ համաձայնութեան հասնելու ջանքերուն մէջ: