Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Քաթրին Քոլոննան 3 հոկտեմբերին Հայաստան կատարելիք այցի ընթացքին պիտի այցելէ բռնի տեղահանուած արցախցի փախստականներուն: Այս մասին ըսուած է Ֆրանսայի ԱԳՆ հաղորդագրութեան մէջ:
Նախարարն այցի ընթացքին պիտի հանդիպի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի, ԱԳ նախարար Արարատ Միրզոյեանի հետ՝ վերահաստատելով Հայաստանի կողքին մնալու Ֆրանսայի յանձնառութիւնը։
Քոլոննան նաեւ պիտի վերահաստատէ Ֆրանսայի աջակցութիւնը Հայաստանի ինքնիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան եւ ծայրաստիճան զգօնութիւնը ատոնց յարգանքի նկատմամբ։ Ան Հայաստանի իշխանութիւններու հետ պիտի ուսումնասիրէ բոլոր ոլորտներու մէջ հայ-ֆրանսական համագործակցութեան ամրապնդման յստակ եղանակները։