Օրերս, Պոլսոյ մէջ ոգեկոչուած է համայնքային շրջանակներու մօտ սիրուած անձնաւորութիւն՝ Տիար Արամ Գամպուրեանը, մահուան քառասունքի առթիւ։
Պոլսոյ «Նոր Մարմարա»ն, այս տխուր առթիւ ստորագրած է մահագրական մը, որ կը ներկայացնենք ստորեւ՝
Սիրելի Արամ Գամպուրեան։
Դժուար է հաւատալ որ ահաւասիկ քառասուն օր անցաւ ու դուք եւս դարձաք «անցեալ» կամ «մօտիկ անցեալ» անունով յիշողութեան մէկ մասնիկը, դժուար է նաեւ «Պարոն Գամպուրեան»ի փոխարէն, խօսիլ «Ողբացեալ Արամ Գամպուրեան»ի մասին, որ իր կեանքը ամբողջովին ծառայեցուց համայնքի մը, որու ծոցէն ծնունդ առած էր եւ ապրած որպէս «հայ մարդ»։
«Համեստ եւ տիպար հայ մարդ»։ Այս բնորոշումը իր բոլոր առումներով կը յարմարէր ձեր անձին, որովհետեւ այդպիսին մնացիք ամբողջ կեանքի ընթացքին։
Ճարտարագէտի մասնագիտական ձեր տիտղոսին վրայ հետագային աւելցան ուսուցչի, թարգմանիչի, գրագէտի, անվերջ ճանապարհորդի, համայնքային գործիչի, թերթի աշխատակցի եւ համեստ բարերարի տիտղոսները ու ամբողջացուցին Արամ Գամպուրեանի թանկագին մարդու տեսակը։
«Համեստ բարերար»։ Այո՛, այս բնորոշումը եւս իր համապարփակ բացատրութեամբ՝ ձեր անձի մասին է, որովհետեւ տասնեակ միլիոնաւոր լիրաներու արժողութեամբ կալուածներ ձգեցիք մեր հաստատութիւններուն, բայց երբեք ու երբեք չթելադրեցիք ձեր կամքը, չտարուեցաք մեծամտութեան ախտէն, մնացիք այն ծայր աստիճան համեստ անձը, զոր շատ կը սիրէինք, որմէ կ'ակնածէինք, որու առաքինութիւնը հիացում կը պարտադրէր շուրջիններուն։
Դժուար է հաւատալ որ քառասուն օր անցաւ ձեր մահուան վրայէն։
Երէկ, 21 Յուլիս Կիրակի, ձեր յիշատակը ոգեկոչեցինք նախ Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, ապա Շիշլիի հայոց գերեզմանատունէն ներս։
Վարժուած ենք ըսելու որ «կոկիկ բազմութիւն» մը կար ու երէկ ալ այդպէս էր։ Ընտանեկան մերձաւորներու հետ միասին, Ուսուցչաց Հիմնարկի վարչութեան Ատենապետն ու գրեթէ բոլոր անդամները, Մարմարա-էն մեր հրատարակութեան տնօրէն Պր. Արի Հատտէճեանը, ներկայացուցիչները այն հաստատութիւններու, որոնց նուիրատուութիւններ ըրած էր ողբացեալը, հոն էին իրենց անմոռանալի գործակից անդամի, աշխատակցի, բարերարի յիշատակը յարգելու համար։
Հողակոյտը ծածկուեցաւ գոյնզգոյն ծաղկեպսակներով։ Հոգեհանգստեան պաշտօնը կատարեց Արժ. Տ. Կորիւն Աւ. Քհնյ. Ֆէնէրճեան, իսկ երգեցողութիւնները կատարեցին Վարդանանց երգչախումբէն անդամներ։
Խունկ ծխաց գերեզմանին վրայ, աղօթքներ արտասանուեցան բարի մարդու հոգւոյն ի յիշատակ։
ՄԱՐՄԱՐԱ