image

Պոլսոյ «Լոյս Թի. Վի.»ն պիտի դառնայ նաեւ արբանեակային

Պոլսոյ «Լոյս Թի. Վի.»ն պիտի դառնայ   նաեւ արբանեակային

 Պոլսոյ մէջ   համացանցի  ռէժիմով  գործող  «Լոյս Թի. Վի.»  պիտի  սփռուի նաեւ արբանեակային տիրոյթով։ 

 Այս  մասին   տեղեկութիւն ստացանք  Պոլսոյ   մեր աղբիւրէն։ 

 Կը նշուի յատկապէս, որ  յառաջիկայ  15 Հոկտեմբերէն սկսեալ «Լոյս Թի. Վի.»ն , որպէս Թուրքիոյ հայերէնով սփռում կատարող առաջին կայան, իր սփռումները պիտի կատարէ նաեւ D-Smart 160. Կայանի էջէն եւ Turksat Արբանյակին ճամբով։ 

 

Յիշեցնենք, որ  «Լոյս Թի.Վի.»ն  հիմնադրուած է   Արամ  Գուրանի կողմէ  եւ  կայանի  ընդհանուր  տնօրէնի  պաշտօն կը կատարէ Գուրանի որդին՝ Յարութիւն  Գուրանը։

Արամ  Գուրան Լրատուական  դաշտ մտած էր   հիմնելով   «Լոյս Մակազին»ը, որ   Պոլսահայ շրջանակներուն մէջ  փնտռուած   պարբերական  կը համարուի։

 

  Ներկայիս «Լոյս Թի. Վի.»ն     կը սփռուի  որոշ   ժամերու եւ   իր ցանցով  սփռուած   յայտագիրները    կ՚ընդգրկեն համայնքի  ազգային, ընկերային, թէ եկեղեցական  բովանդակութեամբ       նիւթեր։

 Յաջողութիւն կը մաղթենք Պոլսահայ մեր  բարեկամներուն։