ԱՄՆ պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքըն յաջորդ շաբաթ պիտի այցելէ Իսրայէլ, Արեւմտեան ափ եւ Եգիպտոս, ուր կոչ պիտի ընէ դադրեցնելու բռնութիւնը Իսրայէլի մահաբեր յարձակումէն ետք, յայտնած է Պետական քարտուղարութիւնը:
Պլինքըն իր առաջին անձնական բանակցութիւնները պիտի ունենայ վարչապետ Բենիամին Նաթանիահուի հետ այն բանէ ետք, երբ վերջինս իշխանութեան վերադարձած է որպէս պատմութեան մէջ ամենաաջ կառավարութիւն Իսրայէլի մէջ։
Ան Ռամալլայի մէջ պիտի հանդիպի նաեւ Պաղեստինի նախագահ Մահմուտ Ապասի հետ երկուշաբթի եւ երեքշաբթի այցի ընթացքին։ Պլինքըն «պիտի ընդգծէ լարուածութիւնը թուլացնելու կողմերու քայլեր ձեռնարկելու հրատապ անհրաժեշտութիւնը, որպէսզի վերջ դնեն բռնութեան գործընթացներուն, որ չափազանց շատ անմեղ կեանքեր խլած է»,- ըսած է Պետական քարտուղարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Նեդ Փրայսը:
Պլինքընի շրջագայութեան առաջին կանգառը պիտի ըլլայ Եգիպտոսը, որ կարեւոր միջնորդ է իսրայէլցիներու եւ պաղեստինցիներու միջեւ:
Պլինքըն պիտի քննարկէ տարածաշրջանային հարցեր, այդ շարքին՝ Լիպիան ու Սուտանը, եւ կը հանդիպի նախագահ Ապտըլ Ֆաթահ Սիսիի հետ։