Ռուսիոյ նախագահ՝ Վլատիմիր Փութինի Թուրքիա այցելութեան յստակ թուական տակաւին չկայ, եւ նման այցելութեան բովանդակային նախապատրաստութիւն չկայ: Այս մասին ԹԱՍՍ լրատու գործակալութեան ըսած է Ռուսիոյ նախագահի մամլոյ քարտուղար՝ Տմիթրի Փեսքով:
«Որեւէ էական նախապատրաստութիւն չկայ, կայ հրաւէր, կայ նախագահի մտադրութիւն զայն օգտագործելու, սակայն յստակ թուականի վերաբերեալ տակաւին փոխըմբռնում չկայ», ըսած է Փեսքով:
Քրեմլինի բանբերը Մայիսին, ի պատասխան նոյնպիսի հարցումի մը նշած էր, որ հրաւէրը ինքնին այցելութեան որոշակի թուական չ՛ընդգրկեր:
Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայէպ Էրտողան Յունուարի վերջաւորութեան ըսած էր, որ Ռուսիոյ ղեկավարը հրաւիրած է երկիր: