image

Փութին մեկնած է Աստանա. կայացած է Փութին-Ալիեւ հանդիպումը

Փութին մեկնած է Աստանա. կայացած է Փութին-Ալիեւ հանդիպումը

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին ժամանած է Ղազախստանի մայրաքաղաք Աստանա, ուր ան պիտի մասնակցի Շանհայի համագործակցութեան կազմակերպութեան (ՇՀԿ) գագաթնաժողովին։

Աստանայի մէջ, Շանհայի համագործակցութեան կազմակերպութեան (ՇՀԿ) պետութիւններու ղեկավարներու խորհուրդի նիստի շրջածիրէն ներս, կայացած է Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հանդիպումը ատրպէյճանցի գործընկեր Իլհամ Ալիեւի հետ: Հանդիպման մանրամասները դեռ չեն հաղորդուած:

Նախօրէին յայտնած էին, որ Ռուսիոյ նախագահը նաեւ շարք մը հանդիպումներ պիտի ունենայ, այդ շարքին՝ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանի, Չինաստանի նախագահ Սի Ծինփինի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ:

Աստանա մեկնած են նաեւ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Գութերեշը եւ ՇՀԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Ճան Մինը:

ՇՀԿ-ի  «Բազմակողմ երկխօսութեան ամրապնդում՝ խաղաղութեան եւ զարգացման ձգտում» կարգախօսով գագաթնաժողովը տեղի պիտի ունենայ յուլիս 3–ին եւ 4-ին Աստանայի Անկախութեան պալատին մէջ: