image

Փութին-Մաքրոն հեռախօսազրոյց

Փութին-Մաքրոն հեռախօսազրոյց

Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին հեռախօսազրոյց ունեցած է Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի հետ:

Շարունակուած է կարծիքներու փոխանակումը Ուքրանիոյ շուրջ ստեղծուած իրավիճակի եւ Ռուսաստանի Դաշնութեան անվտանգութեան երկարաժամկէտ, իրաւաբանօրէն ամրագրուած երաշխիքներու տրամադրման հետ կապուած հարցերու շուրջ: Վլատիմիր Փութին եւս մէկ անգամ մանրամասն ներկայացուցած է այդ խնդիրներու վերաբերեալ սկզբունքային մօտեցումները:

Բացի այդ, առաջնորդները պայմանաւորուած են հեռախօսով հետագայ շփումներու, ինչպէս նաեւ հնարաւոր անձնական հանդիպման մշակման մասին: