Ատրպէյճանի նախկին արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարովը յայտարարած է, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի՝ ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին ծննդեան օրուան կապակցութեամբ զանգն իրականութեան մէջ ազդակ էր առ այն, որ Մոսկուան անոր առիթ կու տայ։
«Անկասկած, այդ ազդակ էր առ այն, որ մենք ձեր մասին կը յիշենք... Եթէ կը յիշէք՝ մինչ այս Ռուսիոյ ղեկավարութեան կողմէ ազդակ ուղարկուած էր, երբ նախկին նախագահ Քոչարեանը բանտն էր, շնորհաւորեցին անոր ծննդեան օրը: Իսկ որոշ ժամանակ անց անոր ազատ արձակեցին: Հիմա սա Փաշինեանին ուղղուած ազդակ էր, որ ամէն ինչ նորմալ է...ՀԱՊԿ-ին չեկար, աթոռը դատարկ մնաց, կը հասկնանք՝ ժամանակ պէտք է», - մեկնաբանած է Մամետեարովը:
«Անոնք անոր առիթ կու տան»,-ըսած է լրագրողը:
«Այո, ի հարկէ», - հաստատած է Մամետեարովը: