image
Հրատապ լուրեր:

Փաշինեանի սիրտը «Մոսկուայում է»

  Փաշինեանի սիրտը «Մոսկուայում է»

Անշուշտ, դարձեալ յստակ է, որ Փաշինեանի վերջին խօսքերը, ունին ներքին շատ սեղմ պարունակ մը՝ ինչքան ալ մուրի, ատելութեան կամ ծաղրի ենթարկուին։ Վարչապետի խօսքերուն բոլոր ծայրերը կապուած են տարածաշրջանային իրադարձութիւններու կամ լուռ պայմանաւորուածութիւններու հետ։ Ճիշդ այստեղ ընդդիմութեան միամիտ մօտեցումները, փութկոտութիւնը կամ առիթներու կորուստը կը կուտակուին եւ կը ստեղծեն ամբողջ իրադրութիւն մը, որմէ ամենէն շատ օգտուողը դարձեալ Նիկոլ Փաշինեանը կ՚ըլլայ։ Անշուշտ, եթէ այս փուլէն վերջ չյայտնուին  այնպիսի նոր ուժեր կամ անուններ, որոնք վստահութեան նոր որակ մը կրնան տալ Մոսկուային, որ կասկածներու մէջ կը տառապի։

 

 

Բարդ եւ անշնորհակալ գործ է, անշուշտ, «լաւ բժիշկ»ի մը տանիլ Հայաստանի վիրաւոր մարմինը, որ այսօր դարձեալ ինչպէս անցնող  չորս տարիներուն, կ՚ապրի մշուշոտ պահեր։ Ներքին քաղաքական վերիվայրումներէ անդին, յստակ է, անշուշտ, որ Հայաստանի շուրջի գործընթացներուն մէջ ո՛չ միայն ինք կամք թելադրելու ուժ չունի, այլեւ յայտնուած է առաւել չափով խաղը դիտողի ծանր կացութեան մէջ։ Ու այս իրադրութեան եթէ միացնենք վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի շաբաթավերջի մամլոյ ասուլիսին հնչեցուցած գաղափարները, ապա արդէն յայտնի կը դառնայ, որ Հայաստան, ինչպէս Մերձաւոր Արեւելքի մեծ մասը, կը մտնէ վտանգաւոր ալիքներով հարցականներու լպրծուն տեղանք մը, ուր վտանգները մեծ են եւ ահռելի։

Ի դէպ, Փաշինեանի խօսքերուն մէջ կան բազում կէտեր, որոնք միանգամայն կը ներկայացնեն Հայաստանի իշխանական մեծամասնութեան սրտի եւ մտքի արեւելումները։ Բազում խուսանաւումներով ու զինք լուրջ հարցականներու տակ դրած խօսոյթներով հանդերձ, Փաշինեան ունի կարեւոր խնդիր մը. ամէն գնով իշխանութիւնը պահել։ Հետեւաբար, իրեն համար հարկ է հանրութեան դատին ներկայացնել այն թեզը, թէ ինք խաղաղութիւն բերող առաջնորդ մըն է։ Այս հիմքով Փաշինեան դարձեալ ընտրապայքարի պիտի նետուի երկու տարի անց՝ 2026 թուականի ամրան։

Նոյնիսկ արմատական ընդդիմութիւնը, որ գալիք օրերուն Բագրատ սրբազանի առաջնորդութեամբ դարձեալ իր բախտը պիտի փորձէ, շատ լաւ կը հասկնայ, թէ այսօր հրապարակին վրայ իշխանափոխութիւն իրականացնելու որեւէ առիթ չկայ։ Մինչեւ այս պահը, հակառակ իր վարկանիշի մեծ անկումի՝ Փաշինեան կը շարունակէ մնալ վարչապետի պաշտօնի միակ թեկնածուն։ Սպառածութիւն, կորսուած առիթներ եւ արտաքին ազդակներ զինքը դարձուցած են անայլընտրանք՝ մանաւանդ, երբ հաշուի առնենք Հայաստանի հասարակութեան մեծամասնութեան կեցուածքն ու տեսակէտները։ Երբ խօսք կը բացուի նախկիններուն մասին, յայտնի է, որ անոնք այսօր կը շարունակեն հանդիսանալ այդ հասարակութեան կողմէ անմարսելի տարրեր։

Բացի այս բոլորէն ու օգտուելով երկրի տնտեսական որոշակի կայունութենէն՝ Փաշինեան կը խօսի կամ վերաքննութիւն մը ընելով հանրութեան կ՚ուզէ բացատրել, որ մա՛նաւանդ այս փուլին իրեն համար Մոսկուան անփոխարինելի է։ Ու այս կէտին վրայ ան ուժգին հարուածներ կու տայ թէ՛ ընդդիմադիր շրջանակներուն եւ թէ իր շուրջ պար բռնած՝ արեւմտամէտի հովերով ճանչցուած ուժերու երեսին։ Տակաւին պարզ չէ, թէ ինչքանով ճիշդ եւ դիպուկ են այս հարուածները։ Յստակ է, սակայն, որ Փաշինեան շատ լաւ հասկցած է, թէ այս փուլին Ռուսաստանի դէմ որեւէ աւելորդ շարժում կրնայ ամբողջութեամբ խարխլել իր աթոռին իրական յենարանները։

Նոյն այս կէտէն սկսեալ կը բացուի փանտորայի տուփը, որմէ դուրս կը թափին հազար ու մի հարցադրումներ, որոնք կապ ունին այն համակարգուած գործընթացներուն հետ, որոնք յառաջ կը մղուին Հայաստանի իշխանութիւններուն կողմէ։ ՀԱՊԿ-ի խնդիր, Ռուսաստանի ռազմակայանի խնդիր, ԵԱՏՄ-ի խնդիր ու այս բոլորին առընթեր Ռուսաստանի դէմ ամբողջական թշնամութեան մը երթալու խնդիր… Ահա՛, այս գործօնները առաւելապէս կը խօսին համակարգուած խաղի մը մասին, որ ընթացք կ՚առնէ Երեւանի նեղ պատուհանէն ու կը հասնի մինչեւ Անգարայի դռները։ Փաշինեան շատ լաւ կը հասկնայ, թէ Հարաւային Կովկասի մէջ Արեւմուտքի խաղը այլեւս յառաջ կը տարուի ո՛չ թէ Ռուսաստանի, այլեւ Թուրքիոյ նախագահի կողմէ։ Այս առումով Փաշինեան առիթ չէ փախցուցած ո՛չ միայն Էրտողանի երդման արարողութեան ներկայ գտնուելով, այլեւ զինքը հաւաստիացնելով, թէ ինք շատ լաւ կը գիտակցի՝ խաղի իսկական տիրոջ այս ժամանակներուն։

Այստեղ աւելի քան երբեք յայտնի կը դառնայ, որ Փաշինեանի կողմէ Մոսկուային տրուած կամ վերաշարադրուած հաւատարմութիւնը ունի բազմապիսի թելեր, որոնք կ՚առընչուին նաեւ Մոսկուա-Անգարա յարաբերութիւններու հանգուցաւոր ամբողջ պարունակութեան հետ։ Այլ խօսքով, Հայաստան Փաշինեանի բերնով կ՚ըսէ. «Մենք, բարեկամներ, ընդամէնը կը հետեւինք գործընթացներուն»։

Այսինքն, Հայաստանէն առաջ կան Իրանի գործօնը, Ատրպէյճանի ախորժակը, Թուրքիա-Ռուսաստան՝ ոչ այնքան ջերմ յարաբերութիւններու համայնապատկերը։ Այս բոլորի կողքին, անշուշտ, կայ Արեւմուտքի դերն ու դիտաւորութիւնը, որ առաւելապէս ունի հիմնական նպատակ մը. Հարաւային Կովկասը հեռու պահել Մերձաւոր Արեւելքի կրակներէն։

Անշուշտ, դարձեալ յստակ է, որ Փաշինեանի վերջին խօսքերը, ունին ներքին շատ սեղմ պարունակ մը՝ ինչքան ալ մուրի, ատելութեան կամ ծաղրի ենթարկուին։ Վարչապետի խօսքերուն բոլոր ծայրերը կապուած են տարածաշրջանային իրադարձութիւններու կամ լուռ պայմանաւորուածութիւններու հետ։ Ճիշդ այստեղ ընդդիմութեան միամիտ մօտեցումները, փութկոտութիւնը կամ առիթներու կորուստը կը կուտակուին եւ կը ստեղծեն ամբողջ իրադրութիւն մը, որմէ ամենէն շատ օգտուողը դարձեալ Նիկոլ Փաշինեանը կ՚ըլլայ։ Անշուշտ, եթէ այս փուլէն վերջ չյայտնուին  այնպիսի նոր ուժեր կամ անուններ, որոնք վստահութեան նոր որակ մը կրնան տալ Մոսկուային, որ կասկածներու մէջ կը տառապի։

Վերջապէս, այս բոլորը աւելի բացայայտ տեսնելու եւ դիտարկելու համար՝ բնականաբար, հարկ է սպասել երեք կենսական ուղղութեան իրադարձութիւններուն. Մերձաւոր Արեւելքի կացութիւն, Ուքրայնա-Ռուսաստան պայքար եւ, անշուշտ, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահական ընտրութիւն։

 

Սագօ Արեան
«Ժամանակ»/Պոլիս

Սագօ Արեան

Սագօ Արեան

Ծնած է Պէյրութի Պուրճ Համուտ թաղամասը՝ 1972-ի...