Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ներկայ գտնուած է Վաղարշապատի Մ. Կորքիի անուան թիւ 5 աւագ դպրոցի վերաբացման արարողութեան: Միջոցառման ներկայ եղած են նաեւ վարչապետի աշխատակազմի ղեկավար Արայիկ Յարութիւնեանը, կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարար Վահրամ Տումանեանը, Քաղաքաշինութեան կոմիտէի նախագահ Արմէն Ղուլարեանը, Արմավիրի մարզպետ Էտուարտ Յովհաննիսեանը եւ այլ պաշտօնատար անձեր:
Վարչապետը շրջայց կատարած է դպրոցով՝ ծանօթացած է հիմնանորոգման շնորհիւ իրականացուած աշխատանքներուն:
Դպրոցին հիմնանորոգումը իրականացուած է Համաշխարհային դրամատան համաֆինանսաւորմամբ, «Կրթական ծրագրերու կեդրոն» ԾԻԳ-ի ‹‹Կրթութեան բարելաւում›› վարկային ծրագրի շրջանակին մէջ: Դպրոցը այս ծրագրի 2-րդ փուլով հիմնանորոգուող 8 աւագ դպրոցներէն մէկն է:
Ուսումնական հաստատութեան 3 մասնաշէնքերը ամբողջովին հիմնանորոգուած են: Դասասենեակները, տարրալուծարանները, հանդիսութիւններու սրահը եւ մարզադահլիճը համալրուած են նոր գոյքով եւ արհեստագիտական միջոցներով:
Կատարուած են դպրոցի յարակից տարածքներու բարեկարգման աշխատանքներ: Հիմնանորոգման նախագիծերը մշակելով պահպանուած են ներառական կրթութեան կազմակերպման բոլոր պահանջները: