Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, Լիթուանիոյ Հանրապետութեան վարչապետ Ինկրիտա Շիմոնիթէի հրաւէրով, 3-4 Հոկտեմբերին պաշտօնական այց կը կատարէ Լիթուանիա՝ Վիլնիւս եւ Քաունաս քաղաքները։
Վիլնիւսի մէջ Հայաստանի վարչապետը բարձր մակարդակի բանակցութիւններ պիտի վարէ Լիթուանիոյ վարչապետին հետ։ Բանակցութիւններու աւարտէն յետոյ կը նախատեսուի Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ինկրիտա Շիմոնիթէի մամլոյ համատեղ ասուլիսը, որու ծիրէն ներս երկու երկիրներու վարչապետները հանդէս պիտի գան յայտարարութիւններով եւ պատասխանեն լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներու հարցերուն։ Վարչապետը հանդիպումներ պիտի ունենայ Լիթուանիոյ նախագահ Կիթանաս Նաուսետայի եւ Սէյմասի նախագահ Վիքթորիա Չմիլիթէ-Նիելսընի հետ, ծաղկեպսակ պիտի զետեղէ Լիթուանիոյ անկախութեան համար զոհուածներու յուշակոթողին։ Կը նախատեսուի ՀՀ վարչապետին հանդիպումը Լիտուանիոյ հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ։
Վարչապետը պիտի այցելէ Արեւելեան Եւրոպայի հետազօտութիւններու կեդրոն, ինչպէս նաեւ պիտի ծանօթանայ լիթուանական յաջողակ ընկերութիւններու փորձին։
Նիկոլ Փաշինեան Քաունաս քաղաքին մէջ ներկայ պիտի գտնուի ՀՀ անկախութեան 30-ամեակին եւ հայ-լիտուանական դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 30-ամեակին նուիրուած համերգին։