2022 թուականի Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան շրջանակներուն մէջ կը նախատեսուի իրականացնել 2 ծրագիր 11 միջոցառմամբ։ Այդ նպատակներուն համար պետական պիւտճէէն կը նախատեսուի յատկացնել աւելի քան 42,6 միլիառ դրամ։
Այս մասին Նոյեմբեր 1-ին խորհրդարանական մշտական յանձնաժողովներու համատեղ նիստին ընթացքին, 2022 թուականի պետական պիւտճէի նախագիծի քննարկման ժամանակ, ըսաւ ելեւմուտքի նախարար Տիգրան Խաչատրեանը։ Ինչպէս նշեց նախարարը, 2021-ին պետական պիւտճէէն յատկացուած է աւելի քան 34,7 միլիառ դրամ։ Այսպիսով, յատուկ ծառայութիւններու ֆինանսաւորումը կ'աւելնայ 22,85 տոկոսով։