Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան մասնակցած է արտախորհրդարանական քաղաքական ուժերու հետ համագործակցութեան խորհրդակցական ժողովի հերթական նիստին:
Նիստին ներկայ գտնուած են «Հանրապետութիւն» կուսակցութեան նախագահ Արամ Սարգսեանը, «Ազատական կուսակցութեան առաջնորդ Սամուէլ Պապայեանը, «Ալեանս» առաջադիմական կեդրոնամէտ կուսակցութեան ներկայացուցիչ Տիգրան Արզաքանցեանը, «Արդար Հայաստան» կուսակցութեան ղեկավար Նորայր Նորիկեանը, «Ինքնիշխան Հայաստան» կուսակցութեան ղեկավար Դաւիթ Սանասարեանը, Հայաստանի եւրոպական կուսակցութեան ղեկավար Տիգրան Խզմալեանը, Հայաստանի Քրիստոնեայ-ժողովրդավարական կուսակցութեան նախագահ Լեւոն Շիրինեանը, «Միասնական հայրենիք» կուսակցութեան նախագահ Մհեր Տէրտէրեանը, Պահպանողական կուսակցութեան ղեկավար Միքայէլ Հայրապետեանը, Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան կուսակցութեան Հայաստանի վարչութեան ատենապետ Սեդրակ Աճէմեանը:
Նիկոլ Փաշինեան ողջունած է ժողովի մասնակիցները ապա նշած է, որ այս հարթակը աւելի արդիւնաւէտ պէտք է դարձնել եւ անոր գործունէութիւնը յստակ արդիւնքներով պսակել:
«Այս պահի դրութեամբ մենք ունենք մի շատ յստակ որոշում, որ այս ձեւաչափի երեք ներկայացուցիչներ պիտի ներգրաւուած լինեն 44-օրեայ պատերազմի հանգամանքներն ուսումնասիրող քննիչ յանձնաժողովում»- նշած է նաեւ վարչապետ Փաշինեան՝ շեշտելով, որ ներկայիս լուծումներ կը փնտռուին տէ իւրէ այդ հարցը կազմակերպելու համար։
Նիկոլ Փաշինեան աւելցուցած է, որ քննիչ յանձնաժողովի աշխատանքները կը մեկնարկեն միայն նախապատրաստական աշխատանքներու իրականացումէն ետք:
Այնուհետեւ նիստի մասնակիցները անցած են օրակարգային հարցերու քննարկման: