image

Փարիզի Մէջ Վազգէն Շուշանեանի «Մահուան առագաստը» Գործին Ընթերցումը Տեղի Ունեցաւ

Փարիզի Մէջ Վազգէն Շուշանեանի «Մահուան առագաստը» Գործին Ընթերցումը Տեղի Ունեցաւ

Կիրակի, 14 փետրուարին Փարիզի Հայ ուսանողներու տան սրահին մէջ տեղի ունեցած է Վազգէն Շուշանեանի «Մահուան առագաստը» օրագրային վիպակի թատերական ընթերցումը, գրական նիւթէն բխող երաժշտական մթնոլորտի մէջ, երկուքուկէս ժամ տեւողութեամբ։
«Մահուան Առագաստը» ապագայատեսիլ է, կը պատկերէ, կ'ոգեկոչէ, կը գեղերգէ հեղինակին անփառունակ մահը, որ տեղի պիտի ունենայ գրութեան ընծայումէն շուրջ տասնվեց տարի ետք։
«Մահուան առագաստ»ի բեմադրութեան իրենց մասնակցութիւնը բերած են ընթերցող-դերակատարներ՝ Սեդա Գաբոյեան, Վետա Պայվերդեան, Աստղիկ Շինկիթեան, Սանահին Գասապեան, Արսէն Այնթապլեան, Ժիրայր Չոլաքեան եւ Յարութիւն Խաչատուրեան։

«Մահուան առագաստը» 22-23 տարեկան երիտասարդի ստեղծագործութիւն է։ Շուշանեան ծնած է 1902ին, իսկ «Մահուան առագաստը» աւարտած է 1925ին։
Վազգէն Շուշանեանի բոլոր գործերը ինքնակեսագրական դրոշմ ունին ու յղի են վերոնշեալ հարցերով։ «Մահուան Առագաստը»ն ալ ըլլալով խորապէս ինքնակենսագրական, ունի բացառիկ ներքին ճարտարապետութիւն մը, որուն ցարդ մօտէն անդրադարձող չէ եղած։ Հեղինակը կը ստեղծէ երրորդութիւն մը որուն տարածքին մէջ կը զարգանայ վիպերգը «Մահուան առագաստը»։ Հոյակապ գրական տիպարային կառուցուածք մը՝ թերթատել կարենալու համար գերզգայուն հոգի մը, անցեալին ապրուած նիւթեր ու մղձաւանջային յիշատակներ, առաջնորդուելու՝ մահուան առագաստով։ Հեղինակը իբր գրող-վկայ, գրական ասպարէզ կը հանէ օրագրողը՝ արուեստագիտուհին որ գրի կ'առնէ իր օրուան ապրումները 1924 Դեկտեմբեր 12էն 1925 Փետրուար 15 տարածուած ժամանակահատուածի երկայնքին, կը պատմէ «Մահուան առագաստը» երաժշտական ցայգերգը յօրինող որբ բանուոր տղուն հետ հանդիպումը, սիրահարութիւնը եւ ընկերակցութիւնը դէպի մահուան գիրկը։ 1925ի տարեգլխուն գրուած գրութիւն է, տարօրինակ նոր տարի, մթնոլորտը յագեցած է ստեղծագործական մահաբոյր արթնութեամբ:
Գրուած ըլլալով տարագրութեան վաղորդայնին, բացի հերոսին՝ Սուրէն Սարգիսեանի գրութեան մէջ պարագայական ինքնակենսագրական հատուածներէն, «Մահուան առագաստը» զարմանալիօրէն արտաքնապէս ո՛չ մէկ յղում ունի ապրուած տարագրական եւ եղերական կեանքին։ Աւելին՝ անոր հակապատկերն է կարելի է ըսել։ Այդ դաժան ապրումներէն ձերբազատումի գործն է, թաքցնումի (camouflage) արուեստը։ Խօսիլ ամէն, ամէ՛ն ինչի մասին, արեւմտեան մեծ քաղաքի բոլոր վայելքներու մասին, չպատմելու համար տարագրութիւնը։ Սակայն փախուստ չկայ։ Ինչ ալ ընէ հեղինակը, հերոսը կ՚ընթանայ մահուան հետ առագաստ մտնելու, անոր հետ ամուսնանալու:
Արբի Յովհաննիսեան գրական եւ թատերական բացառիկ զգայնութեան եւ գիտութեան տէր, ճիշդ տեսած էր, ճիշդ գնահատած՝ Վազգէն Շուշանեանի «Մահուան Առագաստ»ի բացառիկ ներհուն ուժը, որ զինք մղած է այս նիւթը ընտրելու եւ ձօնելու ցեղասպանութեան 100ամեակին։ Իսկ անոր երաժշտական ճաշակը, ընտրած երաժշտական կտորները ոգի ու կենդանութիւն տուած են թատերական երեկոյթին, վայելքի իսկական տարածք մը ստեղծելով Շուշանեանի գրական երկարաշունչ երկին հետ, Արմինէ Գրիգորեանի զգայուն կատարումով։
Շուտով Հայ թատրոնի ընկերակցութիւնը պիտի հրատարակէ երեք հատորներ Եւա Մկրտչեանի մեկենասութեամբ, որոնց մէկ մասը յատկացուած պիտի ըլլայ Հայոց Մեծ Եղեռնի թատերական գրականութեան։

ԺԻՐԱՅՐ ՉՈԼԱՔԵԱՆ