Ֆրանսա- Վաղը նախատեսուած Կիրակի օրուան Սուրբ Պատարագը պիտի մատուցուի Փարիզի Հայ Առաքելական Սուրբ Յովհաննէս Մկրտիչ Մայր Տաճարին մէջ: Այս մասին «Արեւելք»ին յայտնեց Փարիզի Ազգային առաջնորդարանի դիւանապետը: Բանբերը նաեւ նշեց, որ վաղը ֆրանսական մայրաքաղաքի մարդաշատ կէտերուն շուրջ ապահովական միջոցառումներ պիտի ըլլան: Ըստ մեր աղբիւրին, մինչեւ այս պահը ցարդ յստակ չէ, թէ Փարիզի ահաբեկչութեան զոհերուն մէջ հայեր կան կամ ոչ: Նշենք, որ այս առաւօտ, ինչպէս նախատեսուած էր, հայերէն դասընթացքի մասնակցող աշակերտներ ներկայացած էին առաջնորդարան եւ սովորականին պէս մասնակցած դասաւանդութիւններուն: