Երկար տարիներէ ի վեր ոսկերչական ասպարէզին մէջ յարգուած անուն կերտած «Ֆրանսուա Պոնճա» ընկերութիւնը թալանի ենթարկուած է։
Այս մասին ընկերութիւնը հանդէս եկած է հաղորդագրութեամբ, որ տարածուած է համացանցի տիրոյթին վրայ։
Հաղորդագրութեան մէջ կ՚ըսուի, որ ընկերութեան հասցուած գումարը կը հասնի 25.000 ամն տոլարի
Ընկերութիւնը դիմում գրած է Լիբանանի անվտանգութեան մարմիններու խնդիրը հետապնդելու եւ թալանուած ապրանքը վերադարձնելու համար։