Լիբանանի մէջ տնտեսական իրադրութիւնը աւելիով կը սրուի։
Այս մասին ամենահիմնական ապացոյցը ամերիկեան տոլարի սակագնի աճն է։
Այս առաւօտ Պէյրութի դրամական շուկային մէջ ամն տոլարին սակը անցած է 35.000-ը, մինչ ընտրութիւններու նախօրեակին տոլարը կը վաճառուէր շուրջ 30.000 լիբանանեան ոսկիի։
Ըստ կարգ մը աղբիւրներու տոլարի սակին այս արագ մագլցումը կապ ունի քաղաքական կեանքին մէջ շարունակուող անորոշ իրադրութեան յատկապէս որ, տակաւին օրակարգի սեղանին չկայ նոր կառավարութիւն մը կազմելու հիմնահարցը։
Կը սպասուի, որ յառաջիկայ շաբաթ նորըընտիր խորհրդարանը իր անդրանիկ նիստը գումարէ, որուն ընթացքին ալ ընտրէ խորհրդարանի նախագահ, որմէ ետք ընթացք պիտի առնեն վարչապետի նշանակման հետ կապուած պարտադիր լսումները, որոնք պիտի կայացուին Պաապտայի նախագահական պալատին մէջ։