image

Պէյրութի Հայ Կաթողիկէ «Սուրբ Խաչ-Հարպոյեան» վարժարանը կը շարունակէ իր առաքելութիւնը

Պէյրութի Հայ Կաթողիկէ «Սուրբ Խաչ-Հարպոյեան» վարժարանը կը շարունակէ իր առաքելութիւնը

Պէյրութի Հայ Կաթողիկէ «Սուրբ Խաչ-Հարպոյեան» վարժարանը կը շարունակէ իր առաքելութիւնը։

Օրերս վարժարանի արհեստից բաժանմունքի խոհարարական բաժնի BP1 եւ BP2 (խոհարարի օգնական) դասարանի աշակերտները, որպէս գործնական դասապահ, այցելած են Հիլթըն Պէյրութ Հապթուր Կրանտ հիւրանոց (Hilton Beirut Habtoor Grand Hotel)։

Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ «Սուրբ Խաչ-Հարպոյեան» վարժարանի դիմատետրեան էջէն, ուր հակիրճ կերպով գրուած էր՝

Բաժանմունք՝ արհեստից ուսումունք։

Դասարան ՝ BP1 եւ BP2 - խոհարարի օգնական։

Գործունէութիւն. Իրենց ուսման ոլորտին առնչուող գործնական փորձ ձեռք բերելու նպատակով, աշակերտները այցելեցին «Hilton Beirut Habtoor Grand Hotel», իրենց ուսուցչի եւ բաժնի վարիչի ուղեկցութեամբ, շրջեցան հիւրանոցի տարբեր բաժիններէն եւ ճիւղերէն ներս եւ ծանօթացան անոնց գործունէութեան: Աշակերտները վայելեցին նաեւ պուֆեթի նախաճաշ…։