Դամասկոսի նախապայմանին դիմաց պատրաստ է ուրեմն թրքական նախապայմանը` քրտական գործօնի չէզոքացումը կամ Թուրքիոյ պատկերացուցած անվտանգութեան գօտիի վերջնական ձեւաւորումը: Կամ, ինչպէս Էրտողանը յայտարարեց, անվտանգութեան գօտիի առկախ կէտերու ամբողջացումը:
Շաբաթ մը առաջ Թուրքիոյ նախագահը յայտարարեց, որ շուտով հիւսիսային Իրաքի մէջ գործողութիւններու շրջանը պիտի փակեն եւ պիտի ամբողջացնեն Սուրիոյ մէջ սահմանի երկայնքին ապահովական գօտիին մէջ առկախ կէտերը: Աւելցնելով, որ իր պետութիւնը վճռական է ոչնչացնելու որեւէ ենթակառոյց, որ Իրաքի եւ Սուրիոյ հետ սահմանի երկայնքին Թուրքիոյ սպառնալիք կը ներկայացնէ:
Այս յայտարարութեամբ պարզ կը դառնայ, որ Անգարա մտադիր է նախ Իրաքի մէջ զինուորական գործողութիւնները դադրեցնել, ապա Սուրիոյ մէջ իր առաջադրած խնդիրները լուծուած նկատել:
Այս յայտարարութիւնները տուեալ երկիրներուն եւ յատկապէս Սուրիոյ նկատմամբ յարաբերութիւններու վերահաստատման նախաբանն են: Փաստօրէն, սուրիական կողմը ճիշդ հասկցած էր ուղերձը եւ այդ պատճառով ալ Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը արագ արձագանգած էր` յայտարարելով, որ երկու երկիրներուն միջեւ բնականոն յարաբերութիւններու վերականգնումը հիմնուած է այն կացութեան վրայ, որ գոյութիւն ունէր 2011 թուականէն առաջ: Յստակ է պայմանը. թրքական ուժերը պէտք է հեռանան սուրիական բոլոր տարածքներէն:
Թուրքիա-Սուրիա միջնախագահական հանդիպումը Անգարան կ՛առաջադրէր տարբեր ձեւերով: Թրքական մամուլը կը կանխատեսէր, որ եթէ նախապատրաստող հանդիպումները արդիւնաւորուին, ապա Էրտողանն ու Ասատը յառաջիկայ ամիսներուն պիտի հանդիպին կողմերուն կողմէ նախապէս ընտրուած երրորդ երկրի մէջ:
Յաւելեալ մեկնաբանութեան չի կարօտիր երրորդ կողմի հասցէն: Պարզ է, որ Դամասկոսի համաձայնութիւնը հանդիպելու հիմնովին կախեալ է Մոսկուայէն: Եւ եթէ սուրիական կողմը թրքական ուժերու հեռացումը նախապայման կը նկատէ յարաբերութիւններու վերահաստատման, այդ կը նշանակէ, որ այդ դիրքորոշումը համաձայնեցուած է Մոսկուայի հետ:
Անցեալ տարի, սեպտեմբեր 2023-ին նախատեսուած էր Ռուսիոյ, Իրանի, Թուրքիոյ եւ Սուրիոյ հետախուզութիւններու պետերուն հանդիպումը, սակայն Դամասկոսի յառաջ քաշած պայմաններուն պատճառով անիկա յետաձգուած էր: Որոշ ժամանակ ետք բանակցային գործընթացին մասնակից կողմերը սկսած էին դրական ազդակներ հաղորդել. այս միջոցին Ռուսիան կը դիմէր այս տարուան յուլիսի աւարտին հանդիպման առաջարկով։
Սուրիական նախապայմանը կը մնար անփոփոխ. Սուրիոյ նախագահը յայտարարած էր, որ համաձայն է կարգաւորելու Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւնները` պահպանելով միջազգային օրէնքի սկզբունքները: Այսինքն` տարածքային ամբողջականութեան եւ գերիշխանութեան պահպանում, ինչ որ համազօր է թրքական ուժերու հեռացման:
Այս դիրքորոշումին Մոսկուայի հետ համաձայնեցուած ըլլալը կ՛արձանագրուէր, որովհետեւ Ռուսիոյ դաշնութեան նախագահը կը յստակացնէր, որ Ռուսիան պիտի շարունակէ մշտապէս աջակցիլ Սուրիոյ Արաբական Հանրապետութեան կառավարութեան` երկրին գերիշխանութիւնը, միասնականութիւնն ու տարածքային ամբողջականութիւնը պաշտպանելու, ազգային անվտանգութիւնն ու ներքաղաքական կայունութիւնը պաշտպանելու առումներով:
Ռուսական այս յայտարարութիւնները նկատի ունենալով կարելի է հետեւցնել, որ Մոսկուան թէ՛ կը միջնորդէ, որպէսզի բանակցութիւնները կայանան, նախագահներուն հանդիպումը տեղի ունենայ եւ յարաբերութիւնները հաստատուին, թէ՛ կ՛աջակցի պաշտօնական Դամասկոսի` թրքական զօրքերու հեռացման պահանջին:
Չի բացառուիր ուրեմն, որ յուլիսի աւարտին կամ օգոստոսին Մոսկուայի մէջ տեղի ունենայ միջնախագահական հանդիպումը: Օրակարգի վրայ պիտի ըլլայ Սուրիոյ տարածքային ամբողջականութեան, գերիշխանութեան, անվտանգութեան եւ խաղաղութեան կէտերուն առընթեր, հիմնական հանգոյց մը` քրտական խնդիրը: «Ահաբեկչական տարրեր» ձեւակերպումը իւրովի կը մեկնաբանուի իւրաքանչիւր կողմէն: Թուրքիան ահաբեկչութիւն ըսելով կը հասկնայ քիւրտ զինեալ խմբաւորումները, իսկ Դամասկոսը ահաբեկչութիւն կ՛որակէ Թուրքիոյ հովանաւորութիւնը վայելող եւ սուրիական ընդդիմութեան տարազին տակ գործող իսլամական ջոկատները:
Դամասկոսի նախապայմանին դիմաց պատրաստ է ուրեմն թրքական նախապայմանը` քրտական գործօնի չէզոքացումը կամ Թուրքիոյ պատկերացուցած անվտանգութեան գօտիի վերջնական ձեւաւորումը: Կամ, ինչպէս Էրտողանը յայտարարեց, անվտանգութեան գօտիի առկախ կէտերու ամբողջացումը:
Կը թուի, որ ռուսական խաղահարթակին վրայ սուրիական եւ թրքական կողմերուն միջեւ ոչ թէ համաձայնութիւնը պիտի կայանայ, այլ բանակցային գործընթացը պիտի սկսի. շատ հաւանաբար օգոստոսին:
«Ա.»