Հովանաւորութեամբ Լիբանանի Հայոց թեմի առաջնորդ Նարեկ արքեպիսկոպոսին, կազմակերպութեամբ Համազգայինի Գիր եւ գրականութիւն մասնաճիւղին, հինգշաբթի, 7 փետրուար 2019-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Խաչիկ Տէտէեանի «Երազէն անդին» բանաստեղծութիւններու Ա. եւ Բ. հատորներու շնորհահանդէսը:
Բարի գալուստի խօսքը արտասանեց Ժագ Յակոբեան, որ անդրադարձաւ բանաստեղծութեան արժէքաւոր արտայայտչաձեւ ըլլալու իրականութեան` շեշտելով, որ հայութեան համար եւս մեծ կարեւորութիւն ունեցած է գրական այս ոճը:
Համազգայինի Գիր եւ գրականութիւն մասնաճիւղին անունով խօսք առաւ Տիգրան Ճինպաշեան: Ան շեշտեց, որ բանաստեղծութիւնն է, որ կը խմբագրէ ու կենդանի վկայութեան կը վերածէ յոյզեր, դէպքեր, վիճակներ` աւելցնելով, որ ներշնչումի ձայնին սեղմ տողերով արձագանգելու արարքը կը վանէ անկարեւորը, մանրամասնութիւնը եւ կը պահէ զտարիւն հիմնականն ու էական խօսքը. «Էական խօսքի մատուցող մըն է Խաչիկ Տէտէեանը, որ քերթողական երեք մատեաններու, մամուլին մէջ ցրուած թէ անտիպ բանաստեղծութիւններու մէկտեղումով մեր ըմբոշխնումին կը մատուցէ համադրական երկու հատորներ` «Երազէն անդին» խորագիրով», եզրափակեց ան:
Զոյգ հատորները ներկայացուց եւ անոնց արժէքին մասին խօսեցաւ հատորներու խմբագիր փրոֆ. Երուանդ Տէր Խաչատուրեան, որ հաստատեց, թէ այսօր գրականութեան համար դժուար ժամանակներ են Հայաստանի մէջ թէ սփիւռքի` բայց եւ այնպէս աւելցնելով, որ անիկա կը շարունակէ ծնունդ առնել, որովհետեւ կը հանդիսանայ ժողովուրդին ուժը:
Ե. Տէր Խաչատուրեան յայտնեց, որ Խաչիկ Տէտէեանի տպուած ու անտիպ բանաստեղծութիւնները կարդալով հետաքրքրական պատկեր մը ստեղծուած է իրեն համար` վկայելով, որ անոր ստեղծագործութիւնները լիբանանեան եւ սփիւռքեան կեանքի 3-4 տասնամեակներու բանաստեղծութեան տարերգութիւնն են: Անոր համաձայն, Խաչիկ Տէտէեանի բանաստեղծութիւններուն մէջ կայ երկու գիծ` անձնականն ու անանձնականը. արդարեւ, անձնական ապրումներուն, հոգեկան աշխարհին, վերիվայրումներուն, տենչերուն եւ հոգեվիճակի դրսեւորումներուն ընդմէջէն կ՛արտացոլայ նաեւ անանձնականը, հաւաքականը, սփիւռքահայուն, լիբանանահայուն ներաշխարհն ու կեանքը: Հոն կան լիբանանեան կեանքի արհաւիրքները, սփիւռքահայուն սպասումները, տագնապները, հայրենիքը, հայաստանեան իրավիճակը, սէրը, բնութիւնը, կեանքն ու մահը, այլ խօսքով` այդ հատորներուն մէջ կայ բազմաձայնութիւն, ինչ որ շատ կարեւոր եւ արժէքաւոր է:
Փրոֆ. Երուանդ Տէր Խաչատուրեան յայտնեց, որ հեղինակին գործերը կը կապուին հայ դասական բանաստեղծութեան ակունքներուն, հոն կայ բնական հայերէնի շեշտ մը, մարդկային տագնապ, անկեղծութիւն, բնականութիւն, խոստովանութիւն, հայկականութիւն: Իր խօսքը եզրափակելով ան ըսաւ, որ գրողին համար կարեւոր է նաեւ ջատագով հանդիսացողը, ընթերցողին դերը:
Այնուհետեւ զոյգ հատորներէն ընտրանի մը ներկայացուց Իրմա Գապագեան-Տէտէեան:
Խօսքերով հանդէս եկան նաեւ Ժիրայր Դանիէլեանը, Հրայր Ճէպէճեան եւ Յակոբ Պալեանը:
Խաչիկ Տէտէեան իր խօսքին մէջ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք նեցուկ եղած են իրեն ստեղծագործական իր աշխարհին մէջ ապրելու ու արարելու, ինչպէս նաեւ շնորհահանդէսի այդ երեկոն կազմակերպելու: Ան երեկոն նկատեց հայ գրականութեան եւ բանաստեղծութեան հանդէպ յարգանքի երեկոյ, հայ մշակոյթին նկատմամբ յարգանք մատուցելու առիթ: Ըստ անոր, ներկայ ըլլալով այդ երեկոյին, պատիւ կը տրուի բանաստեղծութեան, յոյս, որ սփիւռքահայութեան մեր կեանքին մէջ հայուն նաւը կը շարունակէ փոթորկել, հակառակ փոթորկոտ իրավիճակին, իսկ սակաւաթիւ գրողները ունին առաքելութիւն գրելու, անկախ անկէ` կը կարդացուի՞, թէ՞` ոչ:
Ապա ցուցադրուեցաւ բանաստեղծութեամբ եւ տարբեր տարիներու լուսանկարներով համադրուած հարազատ տեսերիզ մը:
Աւարտին Խաչիկ Տէտէեանի հատորներուն մասին խօսեցաւ Նարեկ սրբազան, որ շնորհակալութիւն յայտնեց խօսք առնողներուն, որոնք պահը լեցուցին իրենց վկայութիւններով:
Աւարտին տեղի ունեցաւ գինեձօն, անկէ ետք Խաչիկ Տէտէեան մակագրեց հատորները:
Լուրը՝ «Ազդակ»էն (Յապաւուած)