image

Պէյրութ. Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան վարժարանի սաները մասնակից՝ Հայոց Ցեղասպանութեան նահատակներու ոգեկոչման միջոցառումներուն

Պէյրութ. Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան վարժարանի սաները մասնակից՝ Հայոց Ցեղասպանութեան նահատակներու ոգեկոչման միջոցառումներուն

Օրերս Հայոց ցեղասպանութեան 110-ամեակին առիթով  յիշատակի հաւաք մը  տեղի ունեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսարանի Սրբոց Նահատակաց մատրան դիմաց, որուն մասնակցեցան 13 լիբանանահայ վարժարաններ։ 

«Արեւելք» այս մասին տեղեկացաւ Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան վարժարանի դիմատետրեան էջէն:

Ստորեւ կը ներկայացնենք հրապարակուած լրատւութունը:

Մեր աշակերտները մասնակցեցան Հայոց ցեղասպանութեան 110-ամեակին առիթով լիբանանահայ վարժարաններու յիշատակի հաւաքին, որ տեղի ունեցաւ 28 Ապրիլ 2025-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսարանի Սրբոց Նահատակաց մատրան դիմաց։

Ներկայ էին վարժարաններու տնօրէններ, կրթական պատասխանատուներ եւ աւելի քան 1000 աշակերտներ:

Մասնակցող 13 վարժարաններու ծաղկեպսակներու տեղադրումէն ետք, աշակերտները արտասանեցին հայերէն եւ արաբերէն խօսքեր եւ ներկայացուցին գեղարուեստական յայտագիր մը: