image

Պետիկին Աշխարհը

Պետիկին Աշխարհը

Մէկ խօսքով, Պետիկը ունէր իր ներաշխարհը: Ունէր իր ինքնուրոյն ապրելակերպը: Կապ կը պահէր բոլորին հետ եւ կը քաջալերէր բոլորը:

Պետիկ համազգայնական էր բառին ամբողջական առումով: Մեծերուն հանդէպ` երկրպագու, նորերուն` միշտ ըսելիք ունեցող, խստապահանջ, միեւնոյն ատեն` ընկերային: Պետիկին գլխաւոր յատկանիշներէն մէկը ժպիտն էր: Բարի ժպիտը, որ անմիջականութիւն կը ստեղծէր եւ միեւնոյն ատեն` մտերմութիւն:

 

Պետիկ Չիֆթէլեանի արագ եւ անժամանակ մահը ցնցեց իր հարազատները: Ցնցեց իր ընկերները: Ցնցեց «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահը: Ցնցեց Համազգայինի «Ս. Վրացեան» մասնաճիւղը:

Այո՛, մեր Պետիկը իր մահկանացուն կնքեց: Այն Պետիկը, որ 80-ական թուականներուն «Իմ սիրտը լեռներում է» թատերախաղի ներկայացման մէջ մեծ դեր ունեցաւ: Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» թատերախումբը, Թաթուլ Այնէճեանի բեմադրութեամբ, Ուիլիըմ Սարոյեանի «Իմ սիրտը լեռներում է» թատերախաղը ներկայացնելու առաջարկ դրած էր եւ ամիսներով վարչութեան սենեակը` բնագիրը դիմացը, մոմ մը վառած, դասական երաժշտութեամբ, գաւաթ մը խմիչք, գծաքաշ, գունաւոր մելաններ, գիծ կը քաշէր իւրաքանչիւր դերասանի խօսքերուն տակ: Եւ այսպէս, շաբաթներ շարունակ լեզուական, առոգանութեան, դերասանական նոթեր կ՛առնէր:

Ուրիշ աշխարհ կ՛ապրէր Պետիկը: Թատրոնը, երաժշտութիւնը, կերպարուեստը, գորգարուեստը` ամբողջը միասին կը շնչէր եւ կ՛ապրէր:

80-ականներու սկիզբը, երբ խումբ մը աշակերտներով սկսանք Համազգայինի Պուրճ Համուտի մասնաճիւղը յաճախել, վերը` «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահի շէնքի երրորդ յարկը, վարչութեան սենեակը կ՛ըլլային` Պետիկ Չիֆթէլեանը, Մարի Ճինպաշեանը, Անահիտ Սուքիասեանը, Յակոբ Մանուկեանը, Թորգոմ Ջանանը, Յարութ Գաբրիէլեանը, Նազ Տէր Սարգիսեանը եւ ուրիշներ, որոնք գրական եւ թատերական նախաձեռնութիւններու ծրագրումներ կատարելու աշխատանքին մէջ կ՛ըլլային: Թատերական ներկայացում, նահատակ գրողներու նուիրուած երեկոյ, թատերական քննարկումներ, լուսանկարչական ցուցահանդէս, աշուղական երեկոներ… Սակայն այս բոլորին համ ու հոտ տուողը կ՛ըլլար Պետիկը` իր վերջին թելադրանքներով, կարծիքներով, առաջարկներով…

Խօսակից էր բոլոր բեմադրիչներուն, բոլորն ալ այս կամ այն նիւթով կարծիք կ՛առնէին իրմէ: Երբեմն երեւակայական առաջարկներ կ՛ընէր, երբեմն` շատ գեղարուեստական:

Մէկ խօսքով, Պետիկը ունէր իր ներաշխարհը: Ունէր իր ինքնուրոյն ապրելակերպը: Կապ կը պահէր բոլորին հետ եւ կը քաջալերէր բոլորը:

Պետիկ համազգայնական էր բառին ամբողջական առումով: Մեծերուն հանդէպ` երկրպագու, նորերուն` միշտ ըսելիք ունեցող, խստապահանջ, միեւնոյն ատեն` ընկերային: Պետիկին գլխաւոր յատկանիշներէն մէկը ժպիտն էր: Բարի ժպիտը, որ անմիջականութիւն կը ստեղծէր եւ միեւնոյն ատեն` մտերմութիւն:

Հողը թեթեւ գայ վրադ, Պետի՛կ:

 

 

 

Յակոբ Լատոյեան/ «Ազդակ»

 Լուսանկարը՝  Արա  Մածունեանի