Լիբանանի մէջ առկայ տնտեսական տագնապը կը շարունակուի։
Այս առումով եւ ըստ վերջին տուեալներուն քաղաքացիներ այսօրուընէ սկսեալ սկսած են հերթի կանգնիլ լեցնելու համար տնային օգտագործման կազի շիշերը։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն քաղեց «Ալ Նահար» պարբերականի կայքէն, որ իրավիճակին վերաբերեալ լուսանկարներ ալ հրապարակած է։
Յիշեցնենք, որ Լիբանանի մէջ առկայ տնտեսական տագնապը աւելիով երեւելի դարձաւ Պէնզինի քչութեան հետեւանքով, որուն յաջորդեց մազութի մեծ պակասը։
Լրատուական աղբիւրներ նաեւ կը հաղորդեն, որ մազութի պակասը ծանր հետեւանքներ կրնայ ունենալ, ոչ միայն առողջապահական ոլորտին, այլ նաեւ հաց արտադրող փուռերու գործունէութեան վրայ։