Պատերազմի ժամանակ Ռուսաստանը օրական մի քանի անգամ զէնքով օդանաւներ կ'ուղարկէր Հայաստան: Այս մասին յայտարարած է Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը «Հարաւային Կովկաս. զարգացում եւ համագործակցութիւն» միջազգային համաժողովի մասնակիցներու հետ հանդիպման ժամանակ: Յատկապէս խորհրդանշական է, որ համաժողովը տեղի կ'ունենայ բռնագրաւուած հայկական Ղարաբաղի Շուշի քաղաքին մէջ:
«Բոլորս ալ գիտենք, ես բազմիցս յայտարարել եմ հանրութեան, որ 44-օրեայ պատերազմի ընթացքին օրական մի քանի անգամ Ռուսաստանէն կանոնաւոր կերպով զէնքով բեռնատար օդանաւներ կը թռնչէին Հայաստան: Մենք կը հետեւէինք Ռոսթովէն, Մոզտոքէն բոլոր ուղղութիւններուն: Մեր վրացի ընկերներէն խնդրած էինք փակել օդային տարածքը, եւ անոնք ըրին այդ:
Մենք նաեւ խնդրած էինք մեր վրացի ընկերներէն փակել այն ցամաքային ճանապարհը, որով կարելի էր զէնք տեղափոխել Ռուսաստանէն Հայաստան Վրաստանի տարածքով, անոնք այդ ալ ըրին, եւ մենք երախտապարտ ենք իրենց: Մենք նամակ յղած էինք մերձկասպեան բոլոր երկիրներուն` խնդրելով թոյլ չտալ զէնքով ռուսական բեռնատար օդանաւները Հայաստան: Մենք զայն ուղարկած ենք Ղազախստան, Թուրքմէնստան, Իրան: Ցաւօք, այդ օդանաւները Հայաստան մտած են այդ երկիրներու տարածքներով: Այդպէս եղած է, եւ մենք պէտք չէ թաքցնենք 44-օրեայ պատերազմի այդ կողմը», ըսած է Ալիեւ: