Ընդդիմադիր գործիչը նշած է, որ հայ ազգը չի կրնար պարտուիլ, պարտուած է ղեկավարութիւնը եւ պէտք է հեռանայ։
«Լուսաւոր Հայաստան» խմբակցութեան ղեկավար՝ Էտմոն Մարուքեան դիմատետրի իր ուղիղ եթերով ըսաւ, որ իրենք կը պահանջեն ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականը։
«Նիկոլ Փաշինեանի ղեկավարած Հայաստանը Արցախի հետ միասին 42 հազար քառակուսի քմ էր։ Այժմ չկայ արդէն այդ Հայաստանը` անոր ստորագրած յայտարարութեան պատճառով։ Ուրեմն Փաշինեանն ալ պիտի չըլլայ այս Հայաստանի ղեկավարը։ Հայ ազգը չի կրնար պարտուիլ, պարտուած է ղեկավարութիւնը, եւ այն` ի դէմս Նիկոլ Փաշինեանի պէտք է հեռանայ», – ըսած է Մարուքեան։
Ան յոյս յայտնած է, որ ինչ որ մէկը հեռախօսը կը վերցնէ Փաշինեանի ձեռքէն, քանի որ անոր կոչերը կը հրահրեն քաղաքացիական պատերազմը երկրի ներսը։
«Մեզի 40 օրէ կ'ըսէին, որ մենք կը յաղթենք ու յանկարծ ըսին` կը պարտուինք։ Միայն ժողովուրդին չեն խաբած, մեզի ալ խաբած են ։ Ես վարչապետին հետ փակ հանդիպում պահանջած եմ յայտարարութիւնը ստորագրելէն մէկ օր առաջ։ Ան ըսած է, որ վիճակը կը կայունանայ, կը խօսինք։ Ես ըսի` վիճակը անկայուն է, անոր համար պէտք է խօսինք հիմա։ Ժամեր յետոյ ստորագրուեցաւ յայտարարութիւնը», – ըսաւ Մարուքեան։
Ըստ Մարուքեանի` այդ խայտառակ փաստաթուղթի հետ հայ ժողովուրդը չի կրնար համաձայն ըլլալ։