Հայաստան պիտի ժամանէ Ռուսաստանի փոխվարչապետ Ալեքսէյ Օվերչուքը:
Օվերչուքը, որ նաեւ ճանապարհային հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման հարցերով զբաղող եռակողմ աշխատանքային խումբին համանախագահն է ռուսական կողմէն, Երեւան պիտի ժամանէ պատուիրակութեամբ՝ Հայ-ռուսական տնտեսական համագործակցութեան միջկառավարական յանձնաժողովի 20-րդ նիստին մասնակցելու նպատակով։
Ռուս փոխվարչապետը կը գտնուէր Ատրպէյճանի մէջ։ Ան հանդիպած է Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ։ Աւելի վաղ Օվերչուքը Պաքուի մէջ մասնակցած է «Ռուս-ատրպէյճանական յարաբերութիւններու ներկայ վիճակը եւ հեռանկարները համալրուած գործընթացներու ծիրին մէջ» խորագրով համաժողովին: