ՄԱԿ-ի Գլխաւոր վեհաժողովի 76-րդ նստաշրջանի աշխատանքներուն մասնակցելու նպատակով Նիւ Եորք գտնուող արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան 24 Սեպտեմբերին հանդիպում ունեցած է Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղարի քաղաքական հարցերով տեղակալ Վիքթորիա Նուլանտի հետ:
Կողմերը գոհունակութիւն յայտնած են ՀՀ-Միացեալ Նահանգներ յարաբերութիւններու բարձր յարաշարժութեան առնչութեամբ՝ պատրաստակամութիւն յայտնելով աւելի զարգացնելու եւ ամրապնդելու տարբեր ոլորտներու մէջ համագործակցութիւնը։ Առանձնայատուկ ընդգծուած են երկու կառավարութիւններու միջեւ համագործակցութեան առաջնահերթութիւնները` ժողովրդավարական հիմնարկներու զարգացման, օրէնքի գերակայութեան ամրապնդման ու փտածութեան դէմ պայքարի ուղղութեամբ:
Զրուցակիցները միտքեր փոխանակած են նաեւ տարածաշրջանային անվտանգութեան հարցերու շուրջ։ Անդրադառնալով Արցախի մէջ ստեղծուած իրավիճակին, նախարար Միրզոյեան բարձր գնահատած է ԱՄՆ-ի դիրքորոշումը Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման գործընթացի վերսկսման վերաբերեալ, եւ աւելցուցած, որ հակամարտութեան տեւական եւ համապարփակ կարգաւորումը պէտք է տեղի ունենայ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահութեան հովանիին տակ։
Երկուստեք կարեւորած է ջանքերու գործադրումը՝ տարածաշրջանի ապամագլցման ուղղութեամբ։
ՀՀ արտաքին գործոց նախարարը անգամ մը եւս իր երախտագիտութիւնը յայտնած է ԱՄՆ-ի նախագահ Ճօ Պայտընի կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման կապակցութեամբ՝ նշելով, որ անիկա կարեւոր քայլ է Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ դատապարտման, ինչպէս նաեւ նոր ցեղասպանութիւններու կանխարգիլման պայքարի գործին մէջ: