image

Նշուած է Արեւելեան Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Անուշաւան եպս.ի քահանայութեան 50-ամեակը (Լուսանկար)

  Նշուած է Արեւելեան Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Անուշաւան եպս.ի քահանայութեան 50-ամեակը (Լուսանկար)

    Յաջողութիւն, Քրիստոսաւանդ  առաքելութիւն եւ պայծառութիւն կը մաղթենք Սրբազան հօր եւ այս առթիւ ալ կը ներկայացնենք Ազգային Առաջնորդարանին կողմէ հրապարակուած լրատւութիւնը։

Նիւ Եորքի մէջ մեծ ցնծութեամբ նշուած է Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Անուշաւան արք. Դանիէլեանի քահանայական ձեռնադրութեան 50-րդ տարեդարձը։ 

 Նշենք, որ ձեռնահասօրէն, քրիստոնէական բարձր արժանիքներով եւ ոգեղէն նուիրուածութեամբ իր թեմը ձեռնահսօրէն հովուող Սրբազան Հայրը շաբաթներ առաջ  վերընտրուած էր Թեմակալ Առաջնորդի պաշտօնին։ 

 

Յաջողութիւն, Քրիստոսաւանդ  առաքելութիւն եւ պայծառութիւն կը մաղթենք Սրբազան հօր եւ այս առթիւ ալ կը ներկայացնենք Ազգային Առաջնորդարանին կողմէ հրապարակուած լրատւութիւնը։

Կիրակի, 12 Յունիսին, յաւարտ Ս. Պատարագի, Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ «Փաշալեան» սրահին մէջ (Նիւ Եորք) տեղի ունեցաւ ճաշկերոյթ մը՝ Թեմիս Առաջներդ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոսի քահանայական ձեռնադրութեան 50ամեակին առիթով: Աւելի քան 170 հոգի լեցուցած էր սրահը, ուր խանդավառ ու մտերմիկ մթնոլորտ կը տիրէր: Գործադրուեցաւ գեղարուեստական գողտրիկ յայտագիր մը՝ երիտասարդ արուեստագիտուգիներ Սիրան Չորպաճեանի, Քարինա Վարդանեանի, Անահիտ Ինճիկիւլեանի (երգ) եւ Արփի Բախշեանի (ջութակ) ու հանրածանօթ երաժիշտ Արա Տինքճեանի (երգեհոն) մասնակցութեամբ: Գլխաւոր բանախօսն էր Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ (Ֆիլատելֆիա) նորոգ հանգստեան կոչուած ու այժմ պատուոյ հովիւ՝ Արժ. Տ. Ներսէս Ա. Քհնյ. Մանուկեան: Աւարտին, խօսք առաւ յոբելեար Սրբազան Հայրը: Ձեռնարկին առթիւ, սրտաբուխ նուիրատուութիւններէ գոյացած էր 200.000 տոլարի գումար մը, որ պիտի յատկացուի Ազգ. Առաջնորդարանի երիտասարդութեան հետ կապուած ծրագիրներու:

 

 

 

On Sunday, June 12, the fiftieth anniversary of His Eminence Archbishop Anoushavan’s ordination to priesthood was celebrated at St. Illuminator’s Cathedral after the Divine Liturgy. The event was sold out and more than 170 people filled the Pashalian Hall for a celebration held in a joyous atmosphere. The dinner was enriched by a program with the presentation of young up-and-coming singers Siran Tchorbajian, Karina Vartanian, and Anahit Indzhigulyan, violinist Arpie Bakhshyan, and well-known musician Ara Dinkjian (organ). The keynote speaker was Archpriest Fr. Nerses Manoogian, Emeritus Pastor of St. Gregory the Illuminator Church (Philadelphia). His Eminence gave an inspiring and humorous message with his closing remarks. 

Donations for this anniversary totaled 200,000 dollars. The amount will be used for youth programs of the Eastern Prelacy.