image

«Նեմեսիս»ի յիշատակին՝ արձան

 «Նեմեսիս»ի յիշատակին՝ արձան

Երեւանի օղակաձեւ զբօսայգիին մէջ պիտի տեղադրուի ՀՅԴ Ընդհանուր ժողովով որոշուած «Նեմեսիս»-ի գործողութեան հերոսներու յիշատակը յաւերժացնող յուշարձան մը:

Յուշարձանի ծրագիրի նախաձեռնողներն ու աջակիցներն են Արտեոմ Երկանեան, Արմէն Գէորգեան, Տիգրան Բարսեղեան, Կամօ Արէեան, Արթուր Մեսչեան, Դաւիթ Ճգնաւորեան, Արմէն Գալջեան, Սուրէն Էյրամճեան, Աշոտ Մելքոնեան, Արսէն Աւագեան, Արարատ Գոմցեան, Լուտվիկ Սարգսեան եւ Իզապելա Աբգարեան: