ՆԱԹՕ-ի գլխաւոր քարտուղար Ենս Սթոլթընպըրկ յայտարարած է, որ դաշինքը օգնութիւն պիտի ուղարկէ երկրաշարժէն տուժած Թուրքիոյ։ Այս մասին ան գրած է Twitter-ի էջին։
Սթոլթընպըրկի խօսքով՝ օգնութիւնը շտապ պիտի ուղարկուի։ Հզօր երկրաշարժի կապակցութեամբ ՆԱԹՕ-ի գլխաւոր քարտուղարը լիարժէք համերաշխութիւն յայտնած է Թուրքիոյ։
«Ես կապի մէջ եմ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանի եւ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուի հետ, ՆԱԹՕ-ի դաշնակիցներն այժմ կը հաւաքագրենք օգնութիւն»,- աւելցուցած է Սթոլթընպըրկը։
Թուրքիոյ հարաւարեւելեան Քահրամանմարաշ նահանգի Պազարջիք շրջանին մէջ 6 փետրուարի առաւօտեան ժամը 06:30-ին 7,4 աստիճան հզօրութեամբ երկրաշարժի հետեւանքով երկրի եօթ նահանգի մէջ զոհուած է 284 մարդ, 2323-ը՝ վիրաւորուած։